Տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան համար Հայաստանը պէտք է փոփոխութիւններ կատարէ Սահմանադրութեան մէջ, Իսթանպուլի մէջ «3+3» հարթակի նիստի ժամանակ ըսած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը: Այս մասին գրած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Ան աւելցուցած է, որ Ատրպէյճանն ու տարածաշրջանի երկիրները մշակած են ընդհանուր մարտահրաւէրներու կանխարգելման հայեցակարգ։
«Ատրպէյճանը եւ տարածաշրջանի երկիրները մշակած են անվտանգութեան, տնտեսութեան, առեւտուրի, ուժանիւթի, փոխադրամիջոցի, կապի եւ շրջակայ միջավայրի ոլորտներու մէջ ընդհանուր մարտահրաւէրներու կանխարգելման հայեցակարգ՝ կայուն խաղաղութիւն ապահովելու տարածաշրջանին մէջ այնպիսի ճգնաժամային պահուն, ինչպիսին յետբախումային ժամանակաշրջանն է: Կարեւոր է, որ սահմանադրական փոփոխութիւններով վերացուին նախկին հակամարտութեան հետեւանքները», -ըսած է ատրպէյճանցի պաշտօնեան։