image

Պատասխանատուն Ատրպէյճանն ու Ռուսիան են. Դաւիթ Շահնազարեան

Պատասխանատուն Ատրպէյճանն ու Ռուսիան են. Դաւիթ Շահնազարեան

Ռուսիան Ատրպէյճանի հետ միասին կը կրէ ու պիտի կրէ Արցախի մէջ ստեղծուած ներկայիս մարդասիրական աղէտի եւ Ատրպէյճանի՝ Արցախի դէմ հնարաւոր ռազմական գործողութիւններու հետեւանքներու ողջ պատասխանատւութիւնը: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է արտակարգ լիազօր դեսպան, ՀՀ Նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով նախկին դեսպան Դաւիթ Շահնազարեանը:

«15 յուլիսի, 2023թ «Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի կապակցութեամբ Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեամբ» Մոսկուան արդէն ոչ միայն պաշտօնապէս է հրաժարւում Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի անվտանգութեան երաշխաւորի՝ 2020թ․ նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ամրագրուած իր միւս բոլոր պարտաւորուածութիւններից, այլ նաեւ հրապարակայնօրէն խրախուսում, «կանաչ լոյս» է տալիս Ադրբեջանին՝ Արցախի Հանրապետութեան եւ նրա ժողովրդի դէմ ռազմական գործողութիւններով իրագործելու էթնիկ զտումներ։

Յայտարարութեան մէջ նաեւ հերթական անգամ ամրագրուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան հիմնական նպատակը, այն է Թուրքիայի նկատմամբ ստանձնած իր պարտականութիւնները՝ արտատարածքային (էքստերիտորեալ) «թուրանական միջանցքների» բացումը Հայաստանի Հանրապետութեան սուվերէն տարածքներում։

Փաստօրէն, Ռուսիոյ Դաշնութիւնը բացայայտ հիմնաւորում է իր աջակցութիւնը Աբրբեջանի էթնիկ զտման՝ ցեղասպան քաղաքականութեանը, ի շահ Թուրքիայի հետ իր համագործակցութեան։

Ռուսաստանը Ադրբեջանի հետ միասին կրում ու կրելու է Արցախում ստեղծուած ներկայիս հումանիտար աղէտի եւ Ադրբեջանի՝ Արցախի դէմ հնարաւոր ռազմական գործողութիւնների հետեւանքների ողջ պատասխանատւութիւնը»։