image

Պաշարուած Արցախ. Սահմանուած են նոր կանոններ եւ սահմանափակումներ

Պաշարուած  Արցախ. Սահմանուած են նոր կանոններ եւ սահմանափակումներ

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար, արագ արձագանգման (օպերատիւ) շտաբի պետ Ռուբէն Վարդանեանի ղեկավարութեամբ, 28 դեկտեմբերին, տեղի ունեցած օպերատիւ շտաբի նիստին քննարկուած է եւ հաւանութիւն տրուած է հանրային սնունդի  ծառայութիւններու մատուցման սահմանափակումներու սահմանման վերաբերեալ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշման նախագծին: Նշուած է, որ որոշումը կայացուած է՝ հաշուի առնելով Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին մէջ սննդամթերքի սղութիւնը եւ  ելեկտրականութեան խնայողութիւնները:

Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան տեղեկացուցած է, որ ոլորտի պատասխանատուներու հետ երէկ հանդիպում ունեցած է տնտեսվարողներու հետ՝ քննարկելու համար սահմանափակումներու կիրառման նպատակայարմարութիւնը եւ ողջունելի համարած է վերջիններուս կողմէ  ցուցաբերուած լիակատար փոխըմբռնումն ու աջակցութիւնը: Անոնցմէ շատերը արդէն իսկ չեղարկած են բազմամարդ հանդիսութիւնները՝ այս իրավիճակին մէջ ատոնք ոչ նպատակայարմար համարելով: Պետական նախարարը յանձնարարած է պատասխանատուներուն հանդիպման ընթացքին տնտեսվարողներու կողմէ եղած առաջարկները հաշուի առնել կառավարութեան որոշման նախագիծին մէջ:

Նիստի ընթացքին անդրադարձ եղած է նաեւ կանխիկ դրամաշրջանառութեան վերաբերեալ իրավիճակին: Զեկուցուած է, որ հանրապետութեան մէջ առկայ է կանխիկ գումարի բաւարար ծաւալ, պարզապէս իրավիճակով պայմանաւորուած՝ կազմակերպութիւններն ու անհատ անձինք սկսած են աւելի շատ դրամ կանխիկացնել եւ չծախսել այն, որ կ'անդրադառնայ կանխիկի շրջանառութեան ծաւալներու վրայ: Պետական նախարարը նկատած է, որ ստեղծուած պայմաններուն մէջ շատ աւելի ճիշդ է գումարը պահել անկախիկ եղանակով, եւ յանձնարարած է իրազեկման համապատասխան աշխատանքներ իրականացնել:

Նիստի ընթացքին զեկուցուած է պարէնային ապրանքներու, դեղորայքի, պենզինի եւ վառելիքի շուկաներուն մէջ ընթացիկ իրավիճակը: Ներկայացուած են ուժանիւթի մատակարարման, ջրամատակարարման եւ ենթակառուցուածքներու անխափան աշխատանքն ապահովելու ուղղութեամբ իրականացուող քայլերը: