image

Պաղեստինի մէջ յայտնած են, որ Յորդանան գետի արեւմտեան ափին իսրայէլեան հարուածներու հետեւանքով կայ 18 զոհ

Պաղեստինի մէջ յայտնած են, որ Յորդանան գետի արեւմտեան ափին իսրայէլեան հարուածներու հետեւանքով կայ 18 զոհ

Յորդանան գետի արեւմտեան ափին նոյեմբեր 9-ի իսրայէլեան հարուածներու հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 18-ի։ Անոնցմէ 14-ը զոհուած է Ճեննինի փախստականներու ճամբարի վրայ գրոհի ժամանակ։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին հաղորդած է Al Jazeera պարբերականը՝ վկայակոչելով Պաղեստինի առողջապահութեան նախարարութեան տուեալները։

Աւելի քան 20 մարդ վիրաւորուած է, որոնցմէ մի քանիին վիճակը ծանր է։ Բժիշկները նշած են, որ զոհերու թիւը, հաւանաբար, կ՚աճի:

Պաղեստինեան WAFA լրատուական գործակալութիւնը նշած է, որ Իսրայէլի բանակի ստորաբաժանումները յարձակման ընթացքին օգտագործած են անօդաչու թռչող սարքեր եւ ծանր ռազմական պուլտոզըրներ, իսկ դիպուկահարները փախստականներու ճամբարը գնդակոծած են հարեւան շէնքերու տանիքներէն։ Ըստ հրապարակման՝ իսրայէլցի զինուորականները գնդակոծած են Ճեննինի հիւանդանոցը, գնդակոծութեան տակ յայտնուած են նաեւ բժիշկներն ու շտապօգնութեան մեքենաները:

Հոկտեմբեր 7-ին ՀԱՄԱՍ-ի անակնկալ յարձակման հետեւանքով Իսրայէլի մէջ 1400 մարդ զոհուած է, աւելի քան 240 մարդ գերեվարուած է։ Յարձակման յաջորդած են Իսրայէլի կողմէ Կազայի հատուածի գնդակոծութիւնները, որոնց հետեւանքով աւելի քան 10 500 մարդ զոհուած է։