image

Պաղեստինի այս գործողութիւնը կ՚արագցնէ Իսրայէլի փլուզումը. Խամենէիի խորհրդական

Պաղեստինի այս  գործողութիւնը  կ՚արագցնէ  Իսրայէլի փլուզումը. Խամենէիի խորհրդական

Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան առաջնորդ այաթոլլա Սէյիտ Ալի Խամենէիի աւագ խորհրդականը յայտարարած է, որ պաղեստինցիներու յաջող լայնածաւալ գործողութիւնը Իսրայէլի դէմ հաստատ պիտի արագցնէ «ռեժիմի» փլուզումը։ Այս մասին գրած է Mehr-ը:

Ալի Աքպար Վելայաթին, որ նաեւ Իսլամական Զարթօնքի Համաշխարհային Վեհաժողովի գլխաւոր քարտուղարն է, այս յայտարարութիւնն ըրած է Պաղեստինի դիմադրութեան շարժման քաղաքական բիւրոյի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէին եւ Իսլամական ճիհատ շարժման քարտուղար Զիատ ալ Նախալեհին ուղղուած ուղերձին մէջ։  

«Ահաբեկչական սիոնիստական ռեժիմի տիրապետութեան եւ բռնակալութեան դարաշրջանն աւարտած է»,-ըսած է Վելայաթին։

Ան աւելցուցած է, որ բռնագրաւուած տարածքներու մէջ ընթացող զարգացումները Պաղեստինի մէջ իսլամական դիմադրութեան ճակատի հզօրութեան առայժմ նուազ դրսեւորումն են։

Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնեան ըսած է, որ Պաղեստինի այս գործողութիւնը պատասխան է բռնագրաւուած տարածքներու մէջ Իսրայէլի մշտական յանցագործութիւններուն: