image
Հրատապ լուրեր:

Նոյեմբեր 5-ը ԱՄՆ նախագահի ընտրութեան օրն է

Նոյեմբեր 5-ը ԱՄՆ  նախագահի ընտրութեան օրն է

Միացեալ Նահանգներու մէջ երեքշաբթի նախագահի ընտրութիւն պիտի կայացուի․ ԱՄՆ քաղաքացիները, իսկ յետոյ նաեւ ընտրական խորհուրդը պիտի որոշեն, թէ յառաջիկայ չորս տարիներուն ով պիտի ղեկավարէ երկիրը՝ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրա՞մփը, որ արդէն եղած է նախագահի պաշտօնին, թէ՞ դեմոկրատական կուսակցութիւնը ներկայացնող ԱՄՆ փոխնախագահ Քամալա Հարիսը։

Երկրին մէջ կատարուած ընկերային հարցումներու արդիւնքներու համաձայն՝ թեկնածուներու միջեւ կ՚ընթանայ հաւասար ընտրապայքար։

Փաստեր թեկնածուներու մասին․

Թրամփ ԱՄՆ նախագահի պաշտօնը ստանձնած է 2017-ի յունուար 20-ին՝ դառնալով Միացեալ Նահանգներու առաջին ղեկավարը, որ նախապէս որեւէ պետական կամ ռազմական պաշտօն չէ զբաղցուցած։

Ան դարձած է ԱՄՆ պատմութեան մէջ առաջին նախկին նախագահը, որ մեղաւոր ճանչցուած է քրէական յանցագործութեան կատարման համար։

2024-ին նախընտրական քարոզչութեան ընթացքին Թրամփի վրայ յարձակում տեղի ունեցած է։

Քամալա Հարիսը 2016-ին ընտրուած է որպէս ԱՄՆ Ծերակոյտի անդամ, ան հանդէս եկած է նախագահ Թրամփին ուղղուած քննադատութեամբ։ Նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին մէջ կը զբաղեցնէ փոխնախագահի պաշտօնը։