Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է գաղութի երկար տարիներու նուիրեալ գործիչներէն՝ Լեւոն Սարեան։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Կիպրոսի ՀՅԴ Կոմիտէութեան Դիմատետրի էջէն։
Սարեան, որ երկար տարիներ ՀՅԴ-ի ճանապարհով ծառայած է եւ մասնակից դարձած գաղութային գործունէութեան վարած է պատասխանատու պաշտօններ, ոչ միայն ՀՅԴ-ի շրջանակներուն, այլ նաեւ ՀՄԸՄ-ի ծիրէն ներս։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Կիպրոսի ՀՅԴ Կոմիտէութեան կողմէ հրապարակուած հակիրճ մահագրականը.
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կիպրոսի Կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ Ընկեր Լեւոն Սարեանի մահը: Կու գանք մեր խորին վշտակցութիւնը յայտնելու ընկեր Լեւոն Սարեանի ընտանիքին, հարազատներուն, եւ մեր բոլոր գաղափարակից ընկերներուն:
Հուղարկաւորութեան կարգը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի 29 Սեպտեմբեր կ.ե. ժամը 2:30ին Նիկոսիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Ընտանիքին փափաքն է որ փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ կատարուին ՀՅԴ Կիպրոսի Երիտասարդական Միութեան եւ ՀՄԸՄ-ՀԵՄին։