image

Նոր Տարուան օրը ՝ ուրախ լուր Հալէպէն

Նոր Տարուան օրը ՝ ուրախ լուր Հալէպէն

Հալէպի մեր բարեկամներէն ուրախ լուր ստացանք։

Խորհրդանշական կերպով Հալէպի իրենց ծննդավայրին մէջ Քրիստ Համամճեան եւ Նորա Սիմոնեան այո ըսած են իրարու, որոշելով կեանքի առաջիկայ փուլերը միասին անցընել։

 

 Սուրբ Պսակի արարողութեան Գանատայէն Հալէպ հասած է , ոչ միայն օրուայ խորհուրդի տէրը՝ Քրիստ Համամճեանը այլ նաեւ անոր մերձաւոր հարազատները։

 

 Նշենք նաեւ, որ Քրիստ Սուրիան եւ ի մասնաւորի Հալէպը հարուածած ծանր պատերազմին հետեւանքով , ասկէ ճիշդ 6 տարիներ առաջ ստիպուած եղած էր հեռանալ իր ծննդավայրէն ու հաստատուիլ հեռաւոր Գանատայի ափերուն, ինչպէս շատ ուրիշներ, որոնք «գաղթականի ցուպ»ը բռնեցին, սակայն կարողացան ոտքի մնալ շնորհիւ հայու արժանապատիւ կեցուածքին։

 

 Քրիստ եւ  Նորա Համամճեաններ, ինչպէս տարբեր զոյգերու ամուսնութեան պարագային այս առթիւ ալ մեզի բոլորիս յոյս կը ներշնչեն, որ հայութեան կամքը ուժեղ է ու միասնական ճիգերով  հայ ժողովուրդը դարձեալ պիտի յաղթահարէ իր դէմը ծառացած բոլոր մակարդակի դժուարութիւնները, ըլլան անոնք Հալէպի, Պէյրութի, Երեւանի, Արցախի կամ նոյնիսկ հեռաւոր Գանատայի ափերուն։

 

 Շնորհաւորութիւններ