image
Հրատապ լուրեր:

North Stream-ի պայթումի թեման կը շարունակէ մնալ կիզակէտի վրայ

North Stream-ի  պայթումի թեման  կը շարունակէ մնալ  կիզակէտի վրայ

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար՝ Լոյտ Օսթին յայտնեց, որ տակաւին կանուխ է կռահելու կազի «Նորթ Սթրիմ» խողովակաշարի ականահարումներու հեղինակներուն ինքնութիւնը:

Փենթակոնի ղեկավարը Հաուայի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Ինչ կը վերաբերի խողովակաշարերուն դէմ յարձակումին կամ վնասուելուն, կը կարծեմ, որ ներկայ փուլին շատ ենթադրութիւններ կան, սակայն ամենայն անկեղծութեամբ, ոչ ոք պիտի կարենայ հաստատօրէն ճշդել, թէ ի՛նչ պատահած է նախքան ամբողջական հետաքննութիւն կատարելը»:

«Մինչեւ որ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանանք կամ յաւելեալ վերլուծումներ կատարել կարենանք, պիտի չկարենանք (խողովակաշարերուն վնասման) պատասխանատուներուն ինքնութիւնը կռահել», աւելցուց Օսթին:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր՝ Շան Ռապըրթսըն յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ պիտի չկռահէ կամ պիտի կանխէ «Նորթ Սթրիմ 1 եւ 2» խողովակաշարերէն հաւանական խափանարարական արարքի մը պատճառով կազի սպրդումի շուրջ եւրոպական հետաքննութեան արդիւնքը»:

Ըստ օդանաւային թռիչքներուն հետեւող «Ֆլայթռատար24»-ի աղբիւրին, «ամերիկեան զինուորական ուղղաթիռներ սեպտեմբերին կանոնաւոր կերպով թռիչքներ կատարած են հետագային Փոռնհոլըմ կղզիին մօտ «Նորթ Սթրիմ»-էն կազի սպրդումի շրջանին վերեւ, եւ ժամերով շրջած են այն ջրային շրջանին վերեւ, ուր կը գտնուին կազի խողովակաշարերը»:

«Նորթ Սթրիմ Էյ.Ճի.» ընկերութիւնը հաղորդեց, որ խողովակաշարերուն մէջ ճնշումի մեծ անկում արձանագրուած է:

«Ինթըրֆաքս» հաղորդեց, որ  Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն՝ Սերկէյ Նարիշքին յայտնած է. «Մենք նիւթեր ունինք, որոնք կը նշեն ահաբեկչական արարքներու կազմակերպման եւ գործադրման արեւմտեան հետքի մասին», ըսած է Նարիշքին` ընդգծելով, որ արեւմտեան երկիրները «գրեթէ յաջորդ օրը միացած են հետաքննութեան, ահաբեկչական արարքի հեղինակներու որոնման: Ես քիչ մը պիտի ճշգրտէի այս գնահատականը: Ըստ իս, Արեւմուտքը ամէն բան պիտի ընէ, որպէսզի ծածկէ միջազգային այս ահաբեկչական գործողութեան իսկական կատարողներն ու կազմակերպիչները», ըսած է ան:

«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ Մոսկուայի մէջ ԱՊՀ երկիրներու հետախուզական ծառայութիւններու լուսաբանման 18-րդ հանդիպումի ընթացքին յայտնած է. «Հիւսիսային հոսք» եւ «Հիւսիսային հոսք-2» կազի խողովակաշարին մէջ պայթումներու մասին հաղորդումներէն ետք բառացիօրէն առաջին վայրկեանէն Արեւմուտքը եռանդուն արշաւի սկսաւ մեղաւորները գտնելու համար: Սակայն ակնյայտ է, որ հիմնական շահառուն, նախ եւ առաջ տնտեսական առումով, Միացեալ Նահանգներն են», ըսած է Փաթրուշեւ:

Ան յիշեցուցած է, որ Նիքարակուայի Փուերթօ Սանտինօ նաւահանգիստին մէջ ստորջրեայ խողովակաշարի խափանման առնչուած նոյնպիսի կացութիւն արդէն տեղի ունեցած է հոկտեմբեր 1983-ին: «Անհրաժեշտ է համակարգուած ջանքեր գործադրել` այդ յանցագործութեան պատուիրատուներն ու մեղաւորները բացայայտելու համար, ինչ որ մեր արդիւնաւէտ համագործակցութեան լաւ օրինակ պիտի ըլլայ», ընդգծած է Փաթրուշեւ: