image

«Նման քայլեր կ՚անդրադառնան յարաբերութեան գործընթացին վրայ». «Նեմեսիս»ի արձանին մասին Թուրքիայէն արձագանգ

«Նման քայլեր կ՚անդրադառնան յարաբերութեան գործընթացին վրայ». «Նեմեսիս»ի արձանին մասին Թուրքիայէն արձագանգ

Թուրքիան արձագանգած է Երեւանի մէջ տեղադրուած աղբիւր–յուշակոթողին, որու վրայ գրուած են Հայոց ցեղասպանութիւնը կազմակերպած եւ իրականացուցած երիտթուրքերու պարագլուխներէն, ինչպէս նաեւ 1918-ին Պաքուի հայերու ջարդի կազմակերպիչներէն վրէժ լուծած հերոսներու անունները։

Յիշեցնենք, որ օրերս Երեւանի կեդրոնին մէջ` Օղակաձեւ զբօսայգիի 4-րդ հատուածին մէջ, «Նեմեսիս» գործողութեան հերոսներու յիշատակը յաւերժացնող աղբիւր–յուշակոթող բացուած է։

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած է այս քայլը՝ այն որակելով «սադրիչ», յայտնած է «Անատոլու» գործակալութիւնը:

«Նման սադրիչ քայլերը, որոնք չեն համապատասխաներ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի ոգիին, ոչ մէկ կերպ կը նպաստեն տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ տեւական խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ջանքերուն։ Ընդհակառակը, ատոնք բացասաբար կ'անդրադառնան կարգաւորման գործընթացի վրայ»,- զգուշացուցած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Նշենք, որ Յուշարձանին վրայ կան Սողոմոն Թեհլիրեանի, Արամ Երկանեանի, Արշաւիր Շիրակեանի, Պետրոս Տէր Պօղոսեանի, Արտաշէս Գէորգեանի, Միսաք Թորլաքեանի, Ստեփան Ծաղիկեանի, Յակոբ Մելքումովի, Երուանդ Ֆունդուկեանի, Արմէն Գարոյի, Գրիգոր Մերջանովի, Աւետիք Իսահակեանի, Արշակ Եզդանեանի, Արա Սարգսեանի, Հրաչ Փափազեանի եւ Շահան Նաթալիի անունները: Անոնք  Հայոց Ցեղասպանութիւնը կազմակերպած եւ գործադրած Երիտասարդ թուրքերու պարագլուխներէն, ինչպէս նաեւ 1918ին Պաքուի հայերու ջարդը կազմակերպողներէն վրէժ լուծած հերոսներն են:

«Նեմեսիս» գործողութեան կատարման որոշումը կայացուած է 1919 թուականին Երեւանի մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 9-րդ ընդհանուր ժողովին։ Այդ ժամանակ Հայոց ցեղասպանութեան յանցագործներու 650 անուն նշուած է, որոնցմէ առանձնացուած են 41 գլխաւոր յանցագործները։