Կիպրոսի մայրաքաղաք՝ Նիկոսիոյ մէջ այսօր ՀՀ Զինուած Ուժերուն՝ բանակին համար զօրակցութեան հաւաք մը տեղի ունեցած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Կիպրոսի իր աղբիւրէն։
Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ հաւաքը եղած է Նիկոսիոյ «Արմէնիա սթրիթ»ի կեդրոնական հատուածին վրայ գտնուող հայ-կիպրական բարեկամութեան» յուշակոթողին առջեւ, ուր հայ երիտասարդներ աւելի կանուխ մեկնած են եւ յարդարած օրուան բեմը։
Ապա հարիւրաւոր կիպրահայեր հասած են հաւաքի վայր ուր հնչած են օրուան խորհուրդը փոխանցող յաւուր պատշաճի խօսքեր։
Նշենք, որ հաւաքը կազմակերպուած եղած է Կիպրոսի հայկական համայնքին կողմէ, որուն ընթացքին ալ խօսքերով հանդէս եկած են ՀՅԴ գործիչ ՝Յակոբ Գազանճեան, Կիպրոսի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն արք. Տողրամաճեան, եւ Կիպրոսի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան։
Նիկոսիոյ մէջ. Հայոց բանակին համար զօրակցութեան հաւաք@arevelk1 pic.twitter.com/Ib2NFLM5Ss
— arevelk.am (@arevelk1) September 18, 2022