2 սեպտեմբերին, Հոլանտայի մայրաքաղաք Ամսթերտամի մէջ հայ համայնքը բողոքի հաւաք կատարած է՝ բարձրաձայնելով Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման եւ 2022 թուականի 12 դեկտեմբերին Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով այնտեղ առաջացած լուրջ մարդասիրական ճգնաժամի մասին:
Բողոքի ցոյցին մասնակցած են նաեւ Հոլանտայի խումբ մը քաղաքական գործիչներ, գիտնականներ, ուսանողներ եւ տարբեր հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց ելոյթներով պահանջած են իրաւասու միջազգային կառոյցներէն անյապաղ քայլեր ձեռնարկել՝ կանգնեցնելու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ռեժիմի կողմէ իրականացուող ցեղասպանական գործողութիւնները։
«Ինծի համար մեծ պատիւ է այսօր Ամսթերտամի մէջ մասնակցիլ Լաչինի միջանցքը ապաշրջափակելու պահանջով բողոքի հաւաքին։ Իմ խօսքիս մէջ ընդգծած եմ, որ այն, ինչ տեղի կ'ունենայ հիմա, ցեղասպանութիւն է, որ սկսած է դեռ տարիներ առաջ՝ հայկական խաչքարերու, արձանագրութիւններու, եկեղեցիներու եւ այլնի աւերումով ու Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ ատելութիւն հրահրելով»,- ցոյցէն յետոյ X- ի (նախկին «Թուիթըր») իր էջին գրած է հոլանտացի լրագրող Սոնիա Տահլմանս։
Ցոյցի մասնակիցները պարզած են նաեւ «Բացէք Լաչինի միջանցքը», «Կանգնեցուցէք ցեղասպանութիւնը Արցախի մէջ», «Պատժամիջոց սահմանեցէք Ատրպէյճանի դէմ», «Յարգեցէք Քրէական միջազգային դատարանի վճիռը» պաստառները։