image

ՆԱԹՕ կը ջանայ լուծել Թուրքիոյ մտահոգութիւնները. Սթոլթընպըրկ

ՆԱԹՕ  կը ջանայ   լուծել  Թուրքիոյ  մտահոգութիւնները. Սթոլթընպըրկ

Թուրքիան օրինական մտահոգութիւններ ունի իր անվտանգութեան հետ կապուած: Մենք կ'աշխատինք Ֆինլանտայի եւ Շուէտի հետ այս իրավիճակը կարգաւորելու համար:

 

ՆԱԹՕ-ն կ'աշխատի լուծել Թուրքիոյ օրինական մտահոգութիւնները` կապուած Ֆինլանտայի եւ Շուէտի՝ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու յայտերուն հետ, ըսած է ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկը, Պրիւքսէլի մէջ դաշինքի կեդրոնակայանին մէջ Չեխիոյ վարչապետ Փեթր Ֆիալայի հետ հանդիպումէն յետոյ:

Ան յիշեցուցած է, որ Յունիս 28-30-ին Մատրիտի մէջ կայանալիք գագաթաժողովին քննարկուելիք հարցերէն պիտի ըլլան ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու Ֆինլանտայի եւ Շուէտի դիմումները: Սթոլթընպըրկը երկու եւրոպական երկիրներու նախաձեռնութիւնը անուանած է «պատմական քայլ»:

Միաժամանակ ան նշած է ՆԱԹՕ-ի դաշնակից բոլոր երկիրներու անվտանգութեան խնդիրներու լուծման անհրաժեշտութիւնը:

«Թուրքիան օրինական մտահոգութիւններ ունի իր անվտանգութեան հետ կապուած: Մենք կ'աշխատինք Ֆինլանտայի եւ Շուէտի հետ այս իրավիճակը կարգաւորելու համար», հաղորդած Սթոլթընպըրկ: