image
Հրատապ լուրեր:

Նաթանիահուն պէտք չէ մոռնայ, որ իր երկիրը ստեղծուած է ՄԱԿ-ի որոշմամբ. Մաքրոն

Նաթանիահուն պէտք չէ մոռնայ, որ իր երկիրը ստեղծուած է ՄԱԿ-ի որոշմամբ. Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը նախարարներու խորհուրդի փակ նիստին ըսած է, որ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն պէտք չէ մոռնայ, որ «իր երկիրը ստեղծուած է ՄԱԿ-ի որոշմամբ»։ Այս մասին յայտնած է Le Parisien-ը՝ հանդիպման մասնակիցներուն յղումով։

Հանդիպումը կայացած է երէկ՝ հոկտեմբեր 15-ին։

«Պարոն Նաթանիահուն պէտք չէ մոռնայ, որ իր երկիրը ստեղծուած է ՄԱԿ-ի որոշմամբ, եւ, հետեւաբար, այն պէտք չէ զերծ մնայ ՄԱԿ-ի որոշումներու կատարումէն», -ըսած է Մաքրոն։

Ֆրանսայի նախագահը վկայակոչած է 1947 թուականին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր վեհաժողովի բանաձեւը՝ ի պաշտպանութիւն Պաղեստինի բաժանման անկախ արաբական եւ հրէական պետութիւններու։

Նաթանիահուն հակադարձած է Մաքրոնի մեկնաբանութիւններուն՝ ըսելով, որ երկրի հիմնադրումը տեղի ունեցած է 1948 թուականի Անկախութեան պատերազմով, այլ ոչ թէ ՄԱԿ-ի որոշմամբ:

«Յիշեցում Ֆրանսայի նախագահին. ոչ թէ ՄԱԿ-ի բանաձեւը ստեղծեց Իսրայէլ պետութիւնը, այլ յաղթանակը, որ ձեռք բերուեցաւ Անկախութեան պատերազմին հերոս մարտիկներու արիւնով, որոնցմէ շատերը Հոլոքոսթը վերապրածներ էին, այդ շարքին՝ Ֆրանսայի մէջ Վիշիի ռեժիմէն»,-ըսուած է Նաթանիահուի յայտարարութեան մէջ: