Իսրայէլեան լրատուամիջոցները Հըզպալլայի գլխաւոր քարտուղար սայիտ Հասան Նասրալլայի վերջին ելոյթը բնութագրեցին որպէս «վերջին տարիներու անոր ամենակարեւոր ելոյթներէն»:
Kan ալիքի արաբական հարցերով վերլուծաբան Ռուի Քայս ըսած է, որ «Նասրալլայի ելոյթը նման էր անոր, որ ան առաջին անգամ ելոյթ ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ դէմ ՝ Եմէնի պատերազմին պատճառով», յաւելելով՝ «Ամէն ինչ Իսրայէլի հետ կապուած չէ»: Ան աւելցուց, որ «դիմակները նոյնպէս վերջնականապէս ինկած են Լիբանանի ներքին հրապարակին վրայ, եւ Սամիր Ժաաժայի ղեկավարած՝ քրիստոնէական Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան հետ պայքարը դեռ սկզիբի փուլին մէջ է»:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցները մեկնաբանած են Հըզպալլայի գլխաւոր քարտուղարին ելոյթը, եւ «Yedioth Ahronot»h թերթին կայքը յիշած է, որ «Նասրալլա հրաժարած էր իր խօսքին մէջ Ժաաժայի անունը նշելէ» եւ ընդգծած, որ Նասրալլա ըսած է, թէ «Լիբանանեան Ուժերն ու անոր առաջնորդը ամենամեծ վտանգն են Լիբանանի համար»: