image

Վահան Քերոբեանի նկատմամբ կիրառուած տնային կալանքը երկարաձգուած է եւս 2 ամիսով. պաշտպան

Վահան Քերոբեանի նկատմամբ կիրառուած տնային կալանքը երկարաձգուած է եւս 2 ամիսով. պաշտպան

ՀՀ տնտեսութեան նախկին նախարար Վահան Քերոբեանի նկատմամբ տնային կալանքը երկարաձգուած է եւս երկու ամիսով։ Այս մասին իր դիմատետրեան էջին գրած է Վահան Քերոբեանի պաշտպան Տիգրան Եգորեան։

Ան յայտնած է, որ այդ գործով բոլոր մեղադրեալներն այսօրուան դրութեամբ արդէն կը գտնուին ազատութեան մէջ, մեծ մասն անցած են իրենց նախկին աշխատանքին, անոնց կարգին` տնտեսութեան նախարարութեան մէջ։ Մինչդեռ Վահան Քերոբեանին թոյլ չեն տուած տնային կալանքի ընթացքին նոյնիսկ բժշկական ծառայութիւններ ստանալ։

«Պատճառաբանութիւնն ու հիմնաւորումները առաջին հայեացքից ժպիտ առաջացնող են, իսկ իրականում արդարադատութեան ոլորտը` մասնաւորապէս նախաքննութեան, դատախազական հսկողութեան եւ դատական վերահսկողութեան ինստիտուտները (հիմնարկները) շարունակում են գտնուել ճգնաժամի վիճակում եւ բաւական ցածր մակարդակի անալիտիկ (վերլուծական) կարողութիւններով, յետսովետական ռեպրեսիվ (ճնշողական) մեխանիզմներից (մեքենականութիւններէ) մեծապէս կախուածութեան մէջ»,– գրած է ան։

Պաշտպանը յայտնած է, որ հաշուի չեն առնուած պաշտպանական կողմի ներկայացուցած հիմնաւորումները, Քերոբեանի անձնական եւ ընտանեկան դրութիւնն ու հանգամանքները։ Անտեսուած են նաեւ ՀՀ -ի եւ միջազգային շրջանակի մէջ ճանչցուած եւ հեղինակաւոր 45 գործիչներու անձնական երաշխաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ գրաւի կիրառման հնարաւորութիւնը։

Ըստ պաշտօնական դիրքորոշման`վարոյթ իրականացնող մարմնին անհրաժեշտ է Քերոբեանին եւս երկու ամիսով կալանքի տակ պահել, քանի որ պէտք է դեռ բազմաթիւ թուղթեր ուսումնասիրուին եւ հարցաքննութիւններ կատարուին։