image

Նախագահ Փութինն ինքնամեկուսացուած

Նախագահ Փութինն ինքնամեկուսացուած

ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը Տաճիկստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնի հետ զրոյցի ժամանակ նշած է, որ իր շրջապատին մէջ «Քորոնա» ժահրի յայտնաբերուած դէպքերու հետ կապուած՝ ան պէտք է պահպանէ ինքնամեկուսացման ռեժիմը։ Այդ մասին, ТАСС-ի հաղորդմամբ՝ յայտնած են Քրեմլէն։

«Վլատիմիր Փութինը յայտնած է, որ իր միջավայրին մէջ «Քորոնա» ժահրի յայտնաբերուած դէպքերու հետ կապուած՝ ան պէտք է որոշ ժամանակ պահպանէ ինքնամեկուսացման ռեժիմը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հաշուի առնելով այդ՝ Ռուսաստանի նախագահը այս շաբաթ Տուշանպէի մէջ նախատեսուած ՀԱՊԿ հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանին, Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդին եւ ՀԱՊԿ-ի եւ ՇՀԿ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու համատեղ հանդիպման պիտի մասնակցի տեսակապի միջոցով, յստակեցուցած են Քրեմլէն: