Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան Փրակի մէջ մամուլի ասուլիսի ժամանակ անկեղծ պատասխանած է, թէ որ պարագային Թուրքիան պիտի կարգաւորէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները եւ պիտի բանայ սահմանները։
Թրքական Anadolu–ի հաղորդմամբ՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը յայտարարած է, թէ Հայաստանը երբ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրէ, անկէ ետք Թուրքիան կը կարգաւորէ յարաբերութիւնները, կը բանայ ցամաքային ու օդային սահմաններն ու երկաթգիծը։