image

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի այցը՝ Կիպրոս

 Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի  այցը՝ Կիպրոս

Օրերս  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը հովուական այցելութիւն մը տուաւ Կիպրոսի Հայոց Թեմ։

Ստորեւ այդ այցելութեան մասին Կիպրոսի Խորհրդարանին մէջ հայկական համայնքի պետական ներկայացուցիչ՝ Տիար Վարդգէս Մահտեսեանի պաշտօնական էջին կողմէ տրուած  հաղորդագրութիւնը։

Ն․Ս․ Արամ Ա․ Վեհափառ հայրապետը հովուապետական պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Կիպրոս, Իր ընտրութեան, օծման եւ գահակալութեան 30-ամեակին առիթով։

Նորին Սրբութիւնը Կիպրոս ժամանեց Ուրբաթ 5 Դեկտեմբերին, ընկերակցութեամբ՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Վարչութեան Համա-Ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեանի, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ, Գրիգոր Մահսէրէճեանի, Կաթողիկոսարանի Դիւանապետ Տաճատ Արք․Աշըքեանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երկու միաբան հայրերու։

Իր կեցութեան ընթացքին, Երկուշաբթի 8 Դեկտեմբերին Նորին Սրբութիւնը եւ իր շքախումբը յաջորդաբար ընդունուեցան Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահ Նիկոս Խրիստոտուլիտիսի եւ ապա Կիպրոսի եկեղեցւոյ Հոգեւոր պետ Եօրղիոս Արքեպիսկոպոսի կողմէ։ Իրեն կ՛ընկերակցէին նաեւ Կիպրոսի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Տ․ Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս,Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Երեսփոխանական Խորհուրդի ատենապետ Վահան Այնէճեան եւ Վարչական Ժողովի ատենապետ Յակոբ Գազանճեան։

Վեհափառը  հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ գաղութի հոգեւորական դասուն, հայկական կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ եւ այցելեց Նիկոսիոյ Նարեկ Վարժարանը ինչպէս նաեւ Լիմասոլի եւ Լառնագայի համայնքները։ Ան հանդիպում ունեցաւ նաեւ  Կիպրոսի մօտ Հ․Հ․Դեսպան Ն․Վ․ Տիկ․ Իննա Թորգոմեանի հետ, Կիրակի 7 Դեկտեմբերին, Հայաստանի նոր դեսպանատան մէջ։

Յոբելինական հանդիսութիւններու հիմնական ձեռնարկը եղաւ Կիրակի առաւօտեան մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը հանդիսապետութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, Նիկոսիոյ Ս․ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, ուր Նորին Սրբութիւնը տուաւ իր հայրապետական պատգամը։ Պատարագէն ետք, Ազգային Առաջնորդարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Աջահամբոյր եւ հաւատացեալները ստացան Վեհափառ Հօր օրհնութիւնները:

Շաբաթ 6 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Նիկոսիոյ Հիլթըն պանդոկի սրահին մէջ կատարուեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ - հաւաքոյթ, որու ընթացքին նշուեցաւ Նորին Սրբութեան Գահակալութեան 30-ամեակը: