Մուսա Լերան Նահատակներու Ֆրեզնոյի յուշակոթողին կառուցումը կը մօտենայ աւարտին։
Ֆրեզնոյի այս յուշակոթողը կրկնօրինակն է Տամլըճագի մէջ գաղթականներու տունդարձէն ետք, Մուսալեռցի 18 հերոս նահատակներու յիշատակին կանգնեցած պատկառելի յուշակոթողին։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ ԱՄՆ հրապարակուող «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ`
1915ին, Հայոց Ցեղասպանութեան մահասարսուռ օրերուն, Մուսա լեռը ունեցաւ իր ադամանդեայ փայլատակումները։ Շրջանի հայկական եօթը գիւղերու ամբողջ ժողովուրդը, վստահելով միայն իր սեփական ուժին՝ լեռ բարձրացաւ՝ ի խնդիր իր արժանապատուութեան պահպանման, վստահելով հայօրէն ապրելու իր կամքին։
Հազարաւոր մուսալեռցիներ առաւել քան 40 օրեր խիզախօրէն դիմադրեցին թշնամիի յարձակումներուն եւ վերջապէս պարտութեան մատնեցին թրքական կանոնաւոր բանակը։
Մուսալեռցիները ունեցան 18 հերոս նահատակներ, որոնց յիշատակին գաղթականներու տունդարձէն ետք, Տամլըճագի մէջ կանգնեցաւ պատկառելի յուշակոթող մը, որուն կրկնօրինակն է Ֆրեզնոյի այս յուշակոթողը։
Յուշակոթողին ծրագիրը մարմին ստացաւ մօտաւորապէս երկու տարիներ առաջ, շնորհիւ հայրենակիցներու եւ հայորդիներու սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն։
Անիկա կանգնած է Ֆրեզնոյի «Արարատ» գերեզմանատան մէջ։
Աշխատանքը յանձն առած է յանձնախումբ մը, որուն ատենապետն է Նշան Տէր Գալուստեան, ատենադպիրը՝ Մարտիկ Չանչանեան, գանձապահը՝ Արա Քարքազեան, իսկ Պօղոս Չանչանեան Շինարարական եւ Յովիկ Քէրքէզեան՝ օգնականներ եւ խորհրդականներ։ Շնորհիւ այս 5 անդամներուն անխոնջ եւ հետեւողական աշխատանքին, յուշարձանին կառուցումը արդէն կը մօտենայ իր աւարտին:
Ցարդ իրականացած աշխատանքին ծախսերը ապահովուած են։ Յանձնախումբս շնորհակալ է բոլոր աջակցողներուն։
Վերջին աշխատանքներուն իրականացման համար նուիրատուութիւններ կարելի է յղել հետեւեալ հասցէին՝ Mousa Ler Fresno «Monument», P.O.Box 26625 Fresno Ca. 93729:
Կարելի է կապ պահել նաեւ հեռաձայնելով 559-824-5585 թիւին: