image
Հրատապ լուրեր:

Մոսկուան խնդիրներ ունի իր բանակին հետ. Պայտըն

Մոսկուան խնդիրներ ունի իր բանակին հետ. Պայտըն

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարած է, որ Ռուսիոյ՝ զօրքերը Տնեփր գետի արեւմտեան ափէն տարհանելու որոշումը ցոյց կու տայ, որ Մոսկուան «իրական խնդիրներ» ունի իր բանակի հետ։

Պայտըն լրագրողներուն ըսած է, որ հետաքրքիր է, որ Ռուսիան սպասած է մինչեւ ԱՄՆ Քոնկրէսի ընտրութիւններու աւարտը, որ յայտարարէ զօրքերու դուրսբերման մասին, գրած է reuters.com-ը:

«Այդ կը վկայէ այն մասին, որ անոնք իրական խնդիրներ ունին ռուս զինուորականներու հետ»,-ըսած է Պայտըն։

ԱՄՆ նախագահի կարծիքով՝ դուրսբերումը թոյլ կու տայ երկու կողմերուն վերանայելու իրենց դիրքորոշումները ձմրան, բայց դեռ պէտք է պարզել, թէ արդեօք Ուքրանիան պատրաստ է փոխզիջման երթալու Ռուսիոյ հետ:

Յիշեցնենք, որ նախօրէին Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն համաձայնած է Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ յատուկ ռազմական գործողութեան հրամանատար Սերկէյ Սուրովիքինի՝ Խերսոնի մարզը Տնեփր գետի ձախ ափէն պաշտպանելու առաջարկին։

«Համակողմանի գնահատելով իրադրութիւնը՝ կ'առաջարկուի պաշտպանութիւնը իրականացնել Տնեփրի ձախ ափէն։ Կը հասկնամ, որ այդ հեշտ որոշում չէ։ Միեւնոյն ժամանակ մենք կը պահպանենք ամենակարեւորը՝ մեր զինծառայողներու կեանքն ու զօրախումբերու անվտանգութիւնը, որ գետի աջ ափին պահելը անհեռանկարային է։ Բացի այդ, կ'ազատուին միջոցներ եւ ուժեր, որոնք կրնան աշխուժ գործողութիւններու մասնակցիլ գործողութեան այլ ուղղութիւններով»,-ըսած է Սուրովիքին։

«Շարունակէք զօրքերու դուրսբերումը եւ ձեռնարկեցէք բոլոր միջոցները՝ ապահովելու համար անձնակազմի, զէնքի եւ տեխնիկայի անվտանգ տեղափոխումը Տնեփր գետի միւս ափ»,- կարգադրած է նախարարը:

Յիշեցնենք, որ Խերսոնը կը գտնուի Տնեփր գետի աջ ափին։