Նատէին-Ռաեւսքին վստահութիւն յայտնեց, որ Մոսկուան պիտի չհամաձայնի դուրս բերել իր խաղաղապահները Ղարաբաղէն, քանի որ այդ կրնայ աւարտիլ Ղարաբաղէն հայերու արտաքսմամբ եւ նոյնիսկ անոնց սպանութեամբ։
Թրքական գործօնի եւ Կեդրոնական Ասիոյ համար ահաբեկչական սպառնալիքի միջեւ վաղուց ակնյայտ կապը ամրապնդուցաւ Աֆղանիստանի իրադարձութիւններէն ետք, իսկ ՀԱՊԿ խաղաղապահներու տեղակայումը Ղազախստանի մէջ դարձաւ թրքական ազդեցութեան ընդլայնման սպառնալիքի գիտակցման եւ զայն չէզոքացնելու որոշման դրսեւորում։ Այս մասին ըսաւ Ռուսաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի համաշխարհային տնտեսութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկի աւագ գիտաշխատող Վիքթոր Նատէին-Ռաեւսքին։
Փորձագէտին խօսքով, անով պայմանաւորուած է Թուրքիոյ դժգոհութիւնը, որ կը փափաքէր այնտեղ միջնորդի դեր խաղալ։ Այս բոլորի լոյսին տակ Անգարան մշտապէս կը շահարկէ Հարաւային Կովկասի մէջ յետպատերազմյան իրավիճակը՝ փորձելով զայն պատշաճեցնել Կեդրոնական Ասիոյ մէջ։
«Առայժմ չէ ստացուած, սակայն այդ կրնայ վերջը չըլլալ», նշեց ան։
Նատէին-Ռաեւսքին վստահութիւն յայտնեց, որ Մոսկուան պիտի չհամաձայնի դուրս բերել իր խաղաղապահները Ղարաբաղէն, քանի որ այդ կրնայ աւարտիլ Ղարաբաղէն հայերու արտաքսմամբ եւ նոյնիսկ անոնց սպանութեամբ։
«Ակնյայտ է, որ առանց Անգարայի օգնութեան Ատրպէյճանը պատերազմ չէր սկսեր Ղարաբաղի մէջ եւ չէր կրնար գրաւել զայն, սակայն յետպատերազմեան իրողութիւններու պայմաններուն մէջ Իլհամ Ալիեւ չի փափաքիր ուժեղացնել Թուրքիոյ ազդեցութիւնը Ատրպէյճանի մէջ։ Թէեւ Պաքուն չի փափաքիր միանալ համալրման նախագիծերուն, որոնց մէջ Մոսկուան առաջնակարգ տեղ ունի, այնուամենայնիւ, կը ցուցաբերէ բուռն հետաքրքրութիւն անոնց նկատմամբ։ Ընդհանուր առմամբ Պաքուի վրայ ճնշման համար Ռուսաստանը ոչ-ռազմական մեթոտներ կը կիրառէ, իսկ ահա որոշ հարցերու ռազմական միջոցով լուծումը Ատրպէյճանի համար կրնայ վատ աւարտ ունենալ», յաւելեց փորձագէտը։
Ղազախստանի եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացները, անոր պնդմամբ, պէտք է համալիր դիտարկել։
«Երկու երկիրներն ալ կը գտնուին միեւնոյն համալրման կառոյցներուն մէջ, մէկ անվտանգութեան համակարգի մէջ։ Ղազախստանի իրադարձութիւնները ունին ե՛ւ ներքին (կենսամակարդակի բարձրացման ակնկալիքներ), ե՛ւ արտաքին (Արեւմուտքի աշխոյժ աշխատանք) պատճառներ: Այստեղ կիրառուած են նոյն արհեստագիտութիւնները, որոնք նախապէս փորձարկուած են յետխորհրդային այլ երկիրներու մէջ», եզրափակեց թուրքագէտը։