image

Մոսկուա կը կասկածի ԵԱՀԿ ՄԽ-ի վերաբերեալ ԱՄՆ-ի յայտարարութիւններու անկեղծութեան

Մոսկուա կը կասկածի ԵԱՀԿ ՄԽ-ի վերաբերեալ ԱՄՆ-ի յայտարարութիւններու անկեղծութեան

Ռուսական կողմը շահագրգռուած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորմամբ: Ան չի կրնար թոյլ տալ, որ որոշ արտաքին խաղցողներու քաղաքականացուած քայլերը խափանեն տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան վերականգնման դժուարին ջանքերը:

 

Մոսկուան կը կասկածի ԱՄՆ յայտարարութիւններու անկեղծութեան, թէ պատրաստ է աշխատելու ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջանակին մէջ: Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:

«Ես թոյլ կու տամ ինծի կասկածելու Քարեն Տոնֆրիտի յայտարարութեան անկեղծութիւնը: Եթէ Ուաշինկթընն ու Փարիզը իսկապէս կարեւոր կը համարէին Մինսքի խումբի եզակի միջնորդական ձեւաչափը, ապա թոյլ չէին տար արհամարհել մասնակից բոլոր պետութիւններու հաւանութեան արժանացած մանտաթը», ըսած է Զախարովան:

Անոր խօսքով` անոնք ցուցադրաբար խզեցին, առանց որեւէ խորհրդակցութեան, շփումները Մինսքի խումբի ռուս համանախագահին հետ Փետրուար 24-ին:

Անով իսկ, Զախարովայի խօսքով, եռեակի աշխատանքին հասցուած է  անուղղելի վնաս: Որեւէ հասկնալի պարզաբանում այս վրդովեցուցիչ քայլի պատճառներուն մասին մինչ այժմ չէ ստացուած. «Չկան երաշխիքներ, որ նման անպատասխանատու գործողութիւնը պիտի չկրկնուի: Ձեւացնել, թէ ոչինչ տեղի ունեցած է, պարզապէս չի ստացուիր: Ստիպուած են հաշուի առնելու նոր իրողութիւնները: Հաշուարկը այնպէս կատարուած էր, որ Ռուսիան կը մեկուսացնեն, բայց սխալած են իրենց հայեցակարգին մէջ եւ իրենք զիրենք մեկուսացուցած են մեզմէ: Այն պարագային, երբ արտաքին աշխարհը չի սահմանափակուիր միան Եւրատլանտիկայով: Ռուսական կողմը շահագրգռուած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորմամբ: Ան չի կրնար թոյլ տալ, որ որոշ արտաքին խաղցողներու քաղաքականացուած քայլերը խափանեն տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան վերականգնման դժուարին ջանքերը: Այսուհետ եւս պիտի ընենք մեզմէ կախուած ամէն ինչ պարտաւորութիւններու եւ այն խնդիրներու անվերապահ կատարման համար, որոնք գրանցուած են երեք երկիրներու ղեկավարներու յայտարարութիւններուն մէջ»: