image

Րիքթըրի փորձագիտական յայտնութիւնը եւ փրկութեան յոյսը…

 Րիքթըրի փորձագիտական յայտնութիւնը եւ փրկութեան յոյսը…

Րիքթըրի փորձագիտական յայտնութիւնը (Richter Experiment) այն էր, թէ ինչպէս առնէտներու մօտ,այդպէս ալ մարդոց մօտ, ճիգը կը զօրանայ ու կեանքի համար պայքարելու բնազդը աւելի քան 200 անգամով կը բազմապատկուի, եթէ անոնք հաւատան թէ իրենց ճիգին աւարտին տեղ մը իսկապէս որ յաջողութիւն կայ իրենց սպասող։

Վերոյիշեալին դասերն ու թելադրութիւնները կը ներկայացնեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրի տրամաբանութեան, որպէս ցուցիչ ձեր անհատական թէ մեր հաւաքական կեանքերուն համար։ Ի դէպ, այս փորձագիտութեան եզրակացութիւնները մինչեւ օրս կ՚օգտագործուին պետութիւններու եւ անոնց տարբեր կառոյցներու կողմէ, յատկապէս բանակներու մէջ։

Ամերիկահայ  ազգային-քաղաքական գործիչ՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան կը գրէ՝

1957 թուականին, Հարվըրտ համալսարանէն ներս գիտնական Քըրթ Րիքթըրը ( Curt P. Richter 1894-1988), գիտական փորձ մը կատարած է։

Առաջին հանգրուանին, ան տակառ մը ջուրի մէջ նետած է երկու տասնեակ առնէտներ,եւ հետեւած անոնց ընթացքին։ Առնէտները մեծ ճիգերով կարողացած են ջուրին մակերեսին վրայ լողալ միջին հաշուով 15 վայրկեաններ, եւ արդէն ուժասպառ, 15-րդ վայրկեանէն ետք սկսած են իրականութեան հետ հաշտուիլ, յանձնուած են, դադրած են յաւելեալ ճիգ ընելէ, ու սկսած են մէկ առ մէկ խեղդուիլ։

Րիքթըրը փրկած է մնացեալ առնէտները որոնք սկսած էին արդէն ուժասպառ ըլլալ ու շուտով պիտի խեղդուէին։ Անոնց հանգիստի առիթ տուած է տասնեակ մը վայրկեաններ,ու ապա նորէն զանոնք ջուրի տակառին մէջ նետած։ Այս հանգրուանին, ուժասպառ առնէտները լողացած են միջին հաշուով 60 ժամ, հաւանաբար սպասելով որ փրկութիւնը մօտ է, եւ ուրեմն արժէ յաւելեալ ճիգ ընել։