Հետազօտողները պարզած են, որ նոյնիսկ առանց այլ գործօններու առկայութեան, ինչպիսիք են տարիքը, սեռը, ցեղը, հարստութիւնը եւ կրթութիւնը, սթրեսի բեռ ունեցող մարդիկ քաղցկեղէ մահանալու 2,4 անգամ աւելի շատ հաւանականութիւն ունին, քան ցած ծանրաբեռնուածութիւն ունեցող իրենց հասակակիցները:
Քրոնիկ ընկճուածութեան հետեւանքով մարդու մարմինը կ'ենթարկուի մաշուածութեան եւ կը քայքայուի, որ կը մեծցնէ քաղցկեղէ մահուան հաւանականութիւնը:
Նման եզրակացութեան եկած են ԱՄՆ Ճորճիա նահանգի համալսարանի գիտնականները։
Այս մաշուածութիւնը գիտութեան մէջ յայտնի է որպէս բեռ, որ կ'առաջանայ ժամանակի ընթացքին սթրեսի մշտական ազդեցութենէն:
«Ի պատասխան արտաքին սթրէսներու՝ մեր մարմինը կ'արտադրէ սթրեսի հորմոն՝ քորթիզոլ, այնուհետեւ, երբ սթրէսը կ'անցնի, այդ մակարդակը նորէն պէտք է իջնէ, սակայն, եթէ. դուք ունիք քրոնիկ, մշտական սթրէսներ, որոնք երբեք թոյլ չեն տար քորթիզոլը անկում ապրի, ապա մարմինը կրնայ հասնիլ մաշուածութեան կենսաբանական մակարդակի», - նշած է Ճորճիայի բժշկական քոլեճի համաճարակաբան Ճասթին Քսավիէր Մուրը:
1988-էն 2019 թուականներուն աւելի քան 41 հազար մարդոց հետ իրականացուած յետահայեաց վերլուծութիւնը ցոյց տուած է, որ ամբողջ կեանքի ընթացքին սթրէսը կը մեծցնէ քաղցկեղէն մահացութեան հաւանականութիւնը: Մինչ այժմ, սթրէսի բեռի եւ քաղցկեղի միջեւ կապի վերաբերեալ, սահմանափակ քանակութեամբ հետազօտութիւններ կատարուած են: