Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երէց միաբանններէն՝ Գերշ. Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան (որ կը վարէ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական
Պատուիրակի եւ Վատիկանի մօտ Մայր Աթոռի ներկայացուցիչի բարձր պաշտօնը)օրերս կը մասնակցի «Մեծն քսանեակ»ի ծիրէն ներս Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցող ֆորումին։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթէն։
Աղբիւրին ունեցած տեղեկութիւններով Սրբազան Հայրը պիտի խօսի Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքին մէջ։
Նշենք, որ «G20»ի իտալական նախագահութեան շրջանակներուն մէջ կազմակերպուած այս ֆորումը կը կրէ «Առողջացման ժամանակը. մշակոյթներու միջեւ խաղաղութիւն, փոխհասկացութիւն կրօններու միջեւ» խորագիրը եւ այն պիտի շարունակուի մինչեւ սեպտեմբերի 14-ը։ «G20»ի միջհաւատքային այս ֆորումին համար Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան այսօր մեկնած է Պոլոնիա, ուր կ՚ապրի նաեւ փոքրաթիւ հայ համայնք մը։ Նորին Սրբազնութեան նախագահութեամբ, տեղւոյն կաթողիկէ տաճարներէն մէկուն մէջ այս շաբաթավերջին հայ համայնքին համար տեղի կ՚ունենայ հայածէս արարողութիւն մը՝ մանաւանդ խաղողօրհնէք։
Պոլոնիայի Սուրբ Ստեփանոս պազիլիքային մէջ այսօր երեկոյեան ժամերուն միջկրօնական համատեղ աղօթք մը տեղի կ՚ունենայ այս ֆորումի բացման առթիւ։ Բացման լիագումար նիստը նախատեսուած է վաղը։ Աւելի վերջ ֆորումի ծրագիրը կը գործադրուի հիմնական քանի մը առանցքներու շուրջ։ Յայտագրի վրայ նախատեսուած է նախարարներու յատուկ նիստ մը։ Թեմաթիք քննարկումներ կը ծաւալուին աշխատանոցներու ձեւաչափին մէջ։ Նոյնպէս նստաշրջաններ տեղի կ՚ունենան՝ ֆորումի կազմակերպիչներուն կողմէ խոշորացոյցի տակ առնուած նիւթերու վրայ կեդրոնացումով։
Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Պոլոնիայի այս կարեւոր ֆորումի ընթացքին ելոյթով մը հանդէս պիտի գայ երկուշաբթի, 13 սեպտեմբերի երեկոյեան։ «Քրիստոնէական էքիւմենիզմը մոտե՞լ մըն է» խորագրեալ նիստի ընթացքին զեկուցում մը պիտի ներկայացնէ Նորին Սրբազնութիւնը, որու առընթեր զեկուցողներու շարքին պիտի գտնուին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Եոհան Սոքա եւ Եւրոպայի եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ Քրիստիան Քրիէկէ եւ ուրիշներ։