Երեւանի մէջ կայացաւ «Միսս Հայաստան 2021» ազգային գեղեցկութեան մրցոյթը, որուն յաղթողը դարձաւ 20-ամեայ Սոնա Դաւթեանը: Յաղթողը ընտրուած է նախապէս յայտարարուած քուէարկութեան եւ դատական կազմի գնահատականին արդիւնքով:
Սոնա Դաւթեանը մրցոյթին կը ներկայացնէր Սիւնիքի մարզը: Ան ծնունդով Գորիսէն է, կ'ուսնաի Երեւանի պետական համալսարանի եւրոպական լեզուներու եւ հաղորդակցութեան բաժանմունքի իտալերէնի եւ անգլերէնի բաժնին մէջ:
Այս տարի մրցոյթին կը մասնակցէր 24 աղջիկ:
«Միսս Հայաստան» մրցոյթը պէտք է տեղի ունենար 2020-ին, սակայն «Քորոնա»ով ու պատերազմով պայմանաւորուած՝ յետաձգուեցաւ: