Միջազգային քրէական դատարանի կողմէ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի եւ պաշտպանութեան նախկին նախարար Եոաւ Կալանթի ձերբակալութեան հրամաններու արձակումը վրդովմունք առաջացուցած է Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Նախագահ Ճօ Պայտընը վրդովեցուցիչ որակած է այդ քայլը: Այս մասին ըսուած է Սպիտակ տան կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։
«Սա վրդովեցուցիչ է: Թոյլ տուէք նորէն պարզաբանել. ինչ ալ որ ենթադրէ Միջազգային քրէական դատարանը, Իսրայէլի եւ «Համաս»-ի միջեւ հաւասարութիւն չկայ, բացարձակապէս չկայ: Մենք միշտ պիտի աջակցինք Իսրայէլին՝ անոր անվտանգութեան սպառնացող վտանգներու պարագային»,-ըսուած է նախագահի յայտարարութեան մէջ:
Մինչդեռ ինքը՝ Նաթանիահուն, ըսած էր, որ որոշումը պայմանաւորուած է «հակահրէական ատելութեամբ»:
«Ոչ մէկ կատաղի հակաիսրայէլեան որոշում կը խանգարէ մեզ, յատկապէս զիս՝ շարունակելու պաշտպանել մեր երկիրն անհրաժեշտ միջոցներով», -ըսած է Նաթանիահուն:
Միջազգային քրէական դատարանի դատաւորները հինգշաբթի ձերբակալութեան հրաման արձակած են Նաթանիահուի եւ Կալանթի, ինչպէս նաեւ «Համաս»-ի առաջնորդ Իպրահիմ ալ-Մասրիի նկատմամբ՝ ռազմական յանցագործութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու մեղադրանքներով։
Իսրայէլը կը մեղադրուի Կազայի մէջ սկսած ռազմական արշաւի ժամանակ անհամաչափ թիւով խաղաղ բնակիչներու մահուան համար, որ յանգեցուցած է անկլաւին մէջ մարդասիրական աղէտի: