image

«Միշտ գիտակից իր առաքելութեան».Մեծ յաջողութեամբ պսակուած է Ս.Օ.Խ.ի Դամասկոսի ամանորեայ տօնավաճառը (Տեսանիւթ)

 «Միշտ գիտակից իր առաքելութեան».Մեծ   յաջողութեամբ  պսակուած է Ս.Օ.Խ.ի Դամասկոսի   ամանորեայ  տօնավաճառը (Տեսանիւթ)

Այս տարի եւս Ս.Օ.Խաչի «Էրեբունի» Դամասկոսի մասնաճիւղը իրականացուց աւանդական տօնավաճառը, որ տեղի կ'ունենայ նոր տարուայ եւ Ս. Ծննդեան տօներուն ընդառաջ: 2021-ի աւանդական տօնավաճառը տեղի ունեցաւ 26-27 Նոյեմբերին առաւօտեան ժամը 11:00-էն սկսեալ մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00  «Սալիպ» եկեղեցւոյ սրահէն ներս: Բացման արարողութեան ներկայ էին Դամասկոսի մօտ Հայաստանի դեսպան՝ Տիգրան Գէորգեան, Ս.Օ.Խաչի Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Քրիստին Սեդիկեան,  Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ Քնար Քէլէկեան եւ  այլ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ, խաչուհիներ ու բազմաթիւ հիւրեր: 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Մարիա Գույումճեանի պատրաստած լուսաբանական տեսանիւթէն:

Մասնաճիւղի  Միութեան ատենապետուհի  խօսեցաւ տօնավաճառի մասին, որ դարձած է սպասուած տարեկան իրադարձութիւն մը, որուն նպատակն է քաջալերել մանաւանդ ձեռային աշխատանքները, ան շեշտեց թէ տօնավաճառի հասոյթը ամբողջութեամբ կը տրամադրուի կարիքաւոր ընտանիքներու,- «Այս տօնավաճառին համար ամիսներ կը պատրաստուինք, մասնաճիւղի յանձնախումբերը  ժրաջան կը գործեն ներկայացնելու հայկական ձեռագործները, ծանօթացնելու մեր հայկական աւանդոյթներն ու սովորութիւնները, նաեւ կը պատրաստեն հայկական աւանդական ուտեստներ»: 

Իր հերթին ձեռարուեստի յանձնախումբի ատենապետուհի ըսաւ «Մենք սիրայօժար ու կամաւորութեամբ կ'աշխատինք միութեան մէջ եւ մեր ձեռագործներով ներդրում կ'ունենանք»: Իսկ տնտեսական յանձնախումբի սեղանը առատ էր խմորեղէններու բաւականին մեծ տեսականիով «Մէկ շաբաթ է, գրեթէ օրական դրութեամբ կը հաւաքուինք առաւօտեան 10-էն մինչեւ 5:00  ու կը պատրաստենք զանազան տեսակներ», ըսաւ յանձնախումբի ատենապետուհին:

Մասնակիցներէն տիկին մը ներկայացնելով իր գործերը բացատրեց «Ես ամէն տարի անհամբեր կը սպասեմ այս տօնավաճառը որպէսզի մասնակցիմ: Մենք մեր մանկութենէն սորված ենք հայկական ասեղը, եւ հիմա կ'արդիականցնենք զայն, երբեմն աւանդականն ու արդին միատեղ տալով»: 

«Այսպիսի ուտեստներ պատրաստելը չեն պահանջեր ինձմէ, որ տունէն դուրս ելլեմ: Եթէ մեծ սիրով պատրաստես, անպայման համեղ կ'ըլլայ: Այս տարի նաեւ չորցուցած եմ պտուղներ, սորվեցայ Հայաստանէն ու հիմա կը ներկայացնեմ մեր հայկական չիրն ու չամիչը, որ շատ առողջապահական են»,- ըսաւ մասնակիցներէն մին:

Իսկ հալէպահայ տիկնոջ սեղանը կը բուրէր Հալէպի յատուկ քաղցրեղէններու բոյրերով։ 

Ս. Ծնունդի խորհուրդը տիրապետող էր տօնավաճառին  ընթացքին եւ  մասնակիցներէն շատեր պատրաստած էին իւրայատուկ տօնածառի զարդեր, սփռոցներ, ուլունքներ եւ այլն: 

Ի դէպ տղամարդիկ ալ ունէին մասնակցութիւն,- «Ես արդէն չորրորդ տարին է որ կը մասնակցիմ այս տօնավաճառին: Միշտ կ'ուզեմ նորութիւններով հանդէս գալ, որովհետեւ մասնակիցներուն թիւը մեծ է եւ մրցակցութիւնը զօրաւոր, պէտք է միշտ տարբերուիլ»: 

Հակառակ Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմական իրավիճակին,  Ս.Օ. Խաչը միշտ իր առաքելութեան գիտակից, ձեռք կը մեկնէ կարիքաւորներուն միեւնոյն ատեն խթանելով տիկինները որպէսզի ստեղծագործեն, արարեն ու տարածեն հայկականը ամէնուրէք: