Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց նախարարները 2 Դեկտեմբերին մէկ հանդիպում եւս պիտի ունենան Շուէտի մէջ՝ ԵԱՀԿ նախարարական համաժողովի ծիրէն ներս, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ներկայացուցիչ՝ Լիւք Տիվին:
Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ատրպէյճանի ղեկավարները հրաւիրուած են 15 Դեկտեմբերին մասնակցելու Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովին՝ նշելով, որ ԵՄ Խորհուրդի նախագահ՝ Շարլ Միշէլ հանդիպումներ պիտի ունենայ երկու երկիրներու ղեկավարներուն հետ։ «Իրավիճակը կը շարունակուի լարուած մնալ։ Նոյեմբերի կէսերու բախումներէն ետք միջազգայնօրէն ճանաչուած սահմաններուն, կարեւոր է ընդգծել, որ ոչ թէ Լեռնային Ղարաբաղի, այլ միջազգայնօրէն ճանաչուած սահմանին լուրջ միջադէպերը անհանգստացնող են»,- ըսած է Տիվին։ Եւրոպացի պաշտօնեան նշած է, որ ԵՄ համապատասխան արձագանգ տուած է բախումներուն յաջորդ օրը խօսելով երկու երկիրներու ղեկավարներուն հետ ու կոչ ընելով դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները։