image

Միրզոյեան Լեռնային Ղարաբաղի մարդասիրական իրավիճակը ներկայացուցած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալին

Միրզոյեան  Լեռնային Ղարաբաղի  մարդասիրական իրավիճակը ներկայացուցած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալին

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի՝ քաղաքական եւ խաղաղարարութեան հարցերով տեղակալ Ռոզմարի ՏիՔարլոյի հետ եւ ներկայացուցած Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած ծայրայեղ ծանր մարդասիրական իրավիճակը։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։

«Նախարարն ընդգծել է, որ միջազգային համակարգի պատասխանատու դերակատարները չպէտք է թոյլ տան դրա վերածումն իրական մարդասիրական աղէտի։ Նախարարը յատկապէս շեշտել է ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհրդի՝ որպէս խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման հարցում մանտաթ ունեցող կառոյցի առանձնայատուկ դերակատարումն ու կանխարգելման գործառոյթը»,– ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի՝ 120.000 հազար բնակչութեան խոցելի խումբերուն համար ստեղծուած ծանր պայմաններուն՝ Միրզոյեան շեշտած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 22 փետրուարի եւ 6 յուլիսի որոշումներու իրականացման եւ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման վերացման հրատապութիւնը։

Տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ կայունութեան հաստատման պարունակին մէջ Միրզոյեան ընդգծած է Ատրպէյճանի կողմէ՝ այդ ուղղութեամբ գործադրուող միջազգային ջանքերը եւ խաղաղութեան հասնելու հնարաւորութիւնը չէզոքացնելու ուղղուած գործողութիւններէն եւ սադրանքներէն զերծ մնալու անհրաժեշտութիւնը։