image

Միրզոյեան- Լաւրով հեռախօսազրոյց. Թեման Ղարաբաղն էր

Միրզոյեան- Լաւրով հեռախօսազրոյց. Թեման Ղարաբաղն էր

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը։

Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան հաղորդմամբ՝ 1 սեպտեմբեր 2022-ին հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովը հեռախօսազրոյց ունեցած էր ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։

Կողմերը հանգամանօրէն քննարկած են Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու միջեւ 2020 թ. 9 նոյեմբերին, 11 յունուարին եւ 2021 թուականի 26 նոյեմբերին կնքուած եռակողմ համաձայնագրերու իրականացման ընթացքն ու հեռանկարները։

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է յառաջիկային շարունակելու շփումները։