Լիբանանահայութիւնը ուրբաթ, 1 սեպտեմբեր 2023-ին պիտի գայ անգամ մը եւս հաստատելու, որ Արցախի իր քոյր-եղբայրներուն կողքին է` ընդառաջելով հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` Սոցեալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կազմակերպած ստորագրահաւաքին, համախմբումին եւ մոմավառութեան:
Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ կայանալիք այս նախաձեռնութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` անգամ մը եւս հաստատելու լիբանանահայութեան կամքը, կորովը եւ կապուածութիւնը Արցախի օրակարգին:
Նախորդ շաբթուան ընթացքին արդէն երեք հոգեւոր համայնքապետները միացեալ հաղորդագրութեամբ զօրակցութիւն յայտնեցին իրենց հողին վրայ խիզախօրէն կառչած ու անոր նկատմամբ հաւատարիմ արցախահայութեան, կոչ ուղղեցին լիբանանահայութեան, որպէսզի մեր եկեղեցիներուն, կառոյցներուն ու կազմակերպութիւններուն ճամբով անյապաղ ձեռնարկեն նոր աշխատանքի` ցոյց տալու, որ հայրենի հողը պահելու ու պաշտպանելու սրբազան նպատակին համար լիբանանահայութեան կեցուածքն ու պատրաստակամութիւնը կը մնան ամբողջական, անվերապահ ու անսակարկ:
Հայ դատի Լիբանանի յանձնախումբը եւս նախորդ ամիս թէ՛ ՄԱԿ-ի Ապահովական խորհուրդի դեսպանատուներուն եւ թէ՛ լիբանանեան մամուլին յուշագիրներ եւ զօրակցական յայտարարութիւններ յղեց:
Երիտասարդական, պատանեկան, ուսանողական, միութենական բոլոր նախաձեռնութիւններուն ընթացքին` ըլլան անոնք բանակումներ թէ հանդիսութիւններ, ժողովական զեկոյցներ թէ դաստիարակչական ծրագիրներ, Արցախի օրակարգը իր բոլոր մանրամասնութիւններով ներկայացուեցաւ, լիբանանահայութիւնը մօտէն հետեւեցաւ զարգացումներուն եւ զօրակցեցաւ արցախահայութեան:
Այս բոլորը կու գան հաստատելու, որ լիբանանահայութեան զարկերակը տակաւին կը բաբախէ, եւ անոր հաւաքական կամքը տակաւին գոյութիւն ունի: Արդարեւ, ամէն անգամ, որ ճգնաժամի մը, անկիւնադարձային իրադարձութեան մը համար անհրաժեշտ է զօրաշարժի ենթարկուիլ, լիբանանահայութիւնը միշտ ներկայ է ու ներկայ պիտի ըլլայ առաջին գիծի վրայ:
Արցախը մեր առօրեայ մտահոգութիւնն է, մեր առօրեայ տագնապը եւ` ոչ միայն 1 սեպտեմբերին, այլ ամէն օր, ամէն վայրկեան Արցախի ժողովուրդին տագնապը զգացող, բաժնող եւ զօրակցող գաղութ է լիբանանահայութիւնը, ինչպէս միշտ, նաեւ այսօր:
Մինակ չէ՛ք:
Ասիկա միայն կարգախօս չէ, այլ` առօրեայ տագնապի արտայայտութիւն: Բոլոր ժամանակներէ աւելի այսօր արցախահայութիւնը մինակ պէտք չէ զգայ: Լիբանանահայութիւնը, հակառակ երկրին մէջ տիրող տնտեսական ու քաղաքական անորոշ մթնոլորտին, հակառակ մերթ ընդ մերթ երեւցող զանազան մտահոգութիւններուն, Արցախի օրակարգով միակամ է եւ վճռական: Այդպէս ալ պէտք է ըլլայ ու արտայայտուի 1 սեպտեմբերին Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ կայանալիք ստորագրահաւաքով, համախմբումով եւ մոմավառութեամբ:
Վստահ ենք, որ այս մթնոլորտը եւ վճռակամութիւնը պիտի փոխանցուին սեպտեմբեր 1-էն առաջ եւ ետք ալ` զանազան միջոցներով:
Կը հաւատանք մեր երիտասարդութեան յանձնառութեան եւ հաւատքին:
Կը հաւատանք լիբանանահայութեան կամքին:
Կը հաւատանք միասնական ճիգերով ձեռք բերուած բոլոր յաջողութիւններուն:
Արցախահայութիւնը երբե՛ք առանձին չէ եղած եւ պիտի չըլլայ: Այսօրուան մեր գլխաւոր եւ միակ մտահոգութիւնը արցախահայութեան ֆիզիքական եւ քաղաքական ապահովութիւնն է:
Յակոբ Լատոյեան
Նիւթը ՝ «Ազդակ»էն