image

Միջազգային ճնշումը՝ կարեւոր. ՀՀ Դիւանագէտ

Միջազգային ճնշումը՝ կարեւոր. ՀՀ Դիւանագէտ

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի կառավարման աշխատանքային խումբի ներկայացուցիչ Վարդան Սարգսեանը յոյսով է, որ թէ՛ միջազգային, թէ՛ ներհայաստանեան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու կոչերու շնորհիւ հնարաւոր կ'ըլլայ ապաշրջափակել Լաչինի միջանցքն ու Լեռնային Ղարաբաղ հասցնել արդէն 10-րդ օրը սահմանային հատուածին կանգնած մարդասիրական բեռով շարասիւնը: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ան նշած է 4 օգոստոսին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ:

«Նկատելի է բեռների տեղափոխման այս գործընթացի, ինչպէս նաեւ, ընդհանուր առմամբ, Լաչինի միջանցքի փակ լինելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման հետ կապուած ինչպէս միջազգային, այնպէս էլ ներհայաստանեան հանրութեան շրջանակում հետաքրքրութեան եւ մտահոգութիւնների իրական աճ: Կարծում եմ՝ այս ամէնը կը նպաստի Լաչինի միջանցքի ապաարգելափակմանը, որովհետեւ ե՛ւ օտարերկրեայ դեսպանութիւնների, ե՛ւ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչների այցերն այստեղ հնարաւորութիւն տուեցին վերջիններիս իրենց աչքերով տեսնել եւ հաւաստիանալ Լաչինի միջանցքի փակ լինելու եւ իրավիճակի մասին աւելի ամբողջական եւ համապարփակ պատկերացում կազմելու մէջ, ինչը պէտք է իր նպաստը բերի մեր հումանիտար նախաձեռնութեան յաջողութեանը, ուղեբեռների՝ Լեռնային Ղարաբաղ տեղափոխման գործընթացին»,- շեշտած է ան:

Անդրադառնալով հասարակական եւ հանրային տիրոյթին մէջ հարցի շուրջ աշխուժութեան՝ ան շեշտած է, որ 3 օգոստոսին եղած է յայտարարութիւն մարդասիրական  հարցերով զբաղող երեք միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ, ուր կրկին անգամ մտահոգութիւններ հնչած են ստեղծուած իրավիճակի վերաբերեալ, եւ կոչ եղած է բանալու Լաչինի միջանցքը, ապահովելու անխափան տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով:

Ընդգծելով շրջափակուած Արցախի մէջ երեխաներու խոցելի ըլլալու փաստը՝ Վարդան Սարգսեանն ըսած է՝ 4 օգոստոսին շուրջ քսան հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք կը զբաղին երեխաներու պաշտպանութեան եւ մարդասիրական հարցերով, Լաչինի միջանցքի հարեւանութեամբ իրենց ձայնը բարձրացուցած են ի պաշտպանութիւն այն երեսուն հազար երեխայի, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ են: «Փաստացի, կարող ենք ասել, որ երեխաներն ամենախոցելի խումբն են այս իրավիճակում: Միջազգային, ինչպէս նաեւ ներհայաստանեան հանրային ուշադրութիւնը եւ մտահոգութիւնների բարձրացումն իրենց դերը կարող են ունենալ այս գործընթացի յաջողութեան համար»,- եզրափակած է Սարգսեան:

Ատրպէյճանը արդէն 11-րդ օրն է՝ կը շարունակէ ապօրինաբար փակ պահել Լաչինի միջանցքը եւ թոյլ չի տար, որ Հայաստանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղին յատկացուած մարդասիրական օգնութիւնը հասնի բնակչութեան, ուր մարդասիրական լուրջ ճգնաժամ է՝ Ատրպէյճանի կողմէ միջանցքի ամբողջական արգելափակման հետեւանքով։