image

Միջազգային քրէական դատարանին Հայաստանի միանալու մասին Ռուսիայէն արձագանգ «Անդրադարձներ չենք ուզեր»

Միջազգային քրէական դատարանին Հայաստանի միանալու մասին Ռուսիայէն արձագանգ «Անդրադարձներ չենք ուզեր»

Հայաստանի անդամակցութիւնը Միջազգային քրէական դատարանին անոր ինքնիշխան գործն է, յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար՝ Տմիթրի Փեսքով, աւելցնելով, որ Մոսկուայի համար կարեւոր է, որ այդ բացասաբար չանդրադառնայ երկկողմ յարաբերութիւններու վրայ:

«Այստեղ մեկնաբանելու ոչինչ կայ։ Ընդհանուր առմամբ, այդ Հայաստանի ինքնիշխան իրաւունքն է: Բայց միւս կողմէ` մեզի համար կարեւոր է, որ նման որոշումները բացասաբար չանդրադառնան ե՛ւ տէ եուրէ (ըստ օրէնքի), ե՛ւ տէ ֆաքթօ (փաստացի) մեր յարաբերութիւններու վրայ, որոնք մենք կը փայփայենք եւ կը ձգտինք զարգացնել»,- լրագրողներու հետ զրոյցին ընդգծած է Քրեմլի խօսնակը:

Նշենք, որ Հայաստանը, 1 Փետրուարին, պաշտօնապէս դարձաւ Միջազգային քրէական դատարանի անդամ։ 2023 թուականի Նոյեմբերին Միջազգային քրէական դատարանը յայտարարած էր, որ Հայաստան 1, Փետրուար, 2024 թուականին պիտի դառնայ Հռոմի կանոնադրութեան միացած 124-րդ պետութիւնը եւ Արեւելեան Եւրոպայի խումբէն 19-րդ պետութիւնը։

Ազգային ժողովը Հռոմի կանոնադրութիւնը վավերացուցած էր 2023 թուականի հոկտեմբեր 3-ին։