Լարուած իրավիճակ կը տիրէ Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի միջազգային օդակայանին մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ BBC ծառայութեան արաբական բաժինը։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ «Թալեպաններ»ու Քապուլ մուտք գործելէն ասդին հարիւրաւոր քաղաքացիներ մտադրած են օդակայանի ճամբով երկրէն հեռանալ, որու հետեւանքով ալ անիշխանական վիճակ ստեղծուած է յատկապէս օդակայանին մէջ։
Նոյն ծիրին մէջ առկայ լարուածութեան ֆոնին կրակոց արձանագրուած է Քապուլի օդակայանին մէջ, որուն հետեւանքով 5 անձեր զոհուած են։
Քապուլ ժամանած ամերիկեան զօրքերու մէկ բանբերը յայտարարած է, որ կրակոցներուն ետին կը կանգնին ամերիկեան զօրքերը շրջանի ապահովութիւնը վերականգնելու միտումով։
Նշենք, որ ծայրայեղական համարուող «Թալեպան» շարժումի զինեալներ, երէկ իրենց ամբողջական տիրապետութեան տակ առին մայրաքաղաք Քապուլը։