Եւրոպական դատարանը որոշում կայացուցած է 14 դեկտեմբերին Հայաստանի ներկայացուցած միջանկեալ միջոցներ կիրառելու պահանջի վերաբերեալ:
Դատարանը որոշած է Ատրպէյճանին ժամանակ տրամադրել մինչեւ երկուշաբթի՝ 19 դեկտեմբեր, ժամը 16:00 (Ֆրանսայի ժամանակով) պատասխան ուղարկելու Հայաստանի ներկայացուցած պահանջի վերաբերեալ, որմէ ետք Դատարանը պիտի կայացնէ վերջնական որոշում:
Յիշեցնենք, որ Միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցչի գրասենեակը 14 դեկտեմբերին դիմած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան՝ պահանջելով կիրառել միջանկեալ միջոցներ Ատրպէյճանի նկատմամբ եւ պարտաւորեցնել վերջինիս ապաշրջափակել Բերձորի (Լաչինի) միջանցքը: