image

Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակէ մասնակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման. Փրայս

Միացեալ Նահանգներ  պիտի շարունակէ մասնակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման. Փրայս

Միացեալ Նահանգներ յառաջիկային պիտի շարունակէ աշխոյժօրէն ներգրաւուած մնալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն, նաեւ` ամենաբարձր մակարդակներով։ Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի բանբեր Նետ Փրայս։

«Այն, ինչ դուք կրնաք ակնկալել տեսնել գալիք շաբաթներու եւ ամիսներու ընթացքին՝ ամերիկեան շարունակական ներգրաւուածութիւնն է, ամերիկեան բարձր մակարդակի շարունակական ներգրաւուածութիւնը»,- ըսած է բանբերը:

Ան յիշեցուցած է Նիւ Եորքի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եռակողմ հանդիպումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հետ՝ ընդգծելով, որ սա վերջին ռազմական գործողութիւններէն ետք առաջին հանդիպումն էր նման ձեւաչափով, ինչպէս նաեւ Արտաքին գործոց նախարարի  վերջին հեռախօսազանգերը ԱԳ նախարարներուն։ Բացի այդ, Փրայս նշած է, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ԱՄՆ համանախագահ, Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիկըր ամենօրեայ շփումներու մէջ է թէ՛ հայկական, թէ՛ ատրպէյճանական կողմի հետ։

«Ուստի, մենք պիտի շարունակենք այս հարցով ներգրաւուած մնալ։ Չեմ կրնար խոստանալ յստակ արդիւնք, սակայն կրնամ խոստանալ, որ սա մեզի համար առաջնահերթութիւն պիտի մնայ»,- ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի բանբերը։