image

Միացեալ Նահանգներ մտահոգութիւն յայտնած է ԼՂ-ի մէջ ատրպէյճանցի զինուորականներու տեղաշարժերու առթիւ

Միացեալ Նահանգներ մտահոգութիւն յայտնած է ԼՂ-ի մէջ ատրպէյճանցի զինուորականներու տեղաշարժերու առթիւ

Ուաշինկթըն մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերու դիրքերու յառաջխաղացմամբ։ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան խօսնակ Վետանթ Փաթելը մեկնաբանած է վերջին միջադէպը։ Ճեպազրոյցի ժամանակ պաշտօնեան յայտարարած է, որ պետական քարտուղարի օգնական Քարեն Տոնֆրիտը հեռախօսով զրուցած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի հետ եւ մտահոգութիւն յայտնած է ատրպէյճանցի զինուորականներու տեղաշարժերի վերաբերեալ։

Պատասխանելով լրագրողի հարցին այս կապակցութեամբ՝ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան առաջին փոխխօսնակ Վետանթ Փաթելը յայտնած է.

«Պետական քարտուղարի տեղակալ Քարեն Տոնֆրիտն այսօր առաւօտեան զրուցած է (Ատրպէյճանի) արտաքին գործոց նախարար Պայրամովի հետ եւ մտահոգութիւն յայտնած ատրպէյճանական ռազմական տեղաշարժերու կապակցութեամբ։ Ան ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններուն, քանի որ պետական քարտուղարը նոյնպէս բազմիցս խօսած է այս կապակցութեամբ. ուղիղ երկխօսութիւնը առանցքային է այս խնդրի լուծման եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար: Այս հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի, եւ մենք պիտի շարունակենք նպաստել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ քննարկումներուն, ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ գործընկերներու հետ ու բազմակողմ կազմակերպութիւններու շրջածիրէն ներս»,- ըսած է Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղաութեան ներկայացուցիչը: