image

Միացեալ Նահանգներ չի ճանչնար Արցախի նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքները

Միացեալ Նահանգներ  չի ճանչնար Արցախի նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքները

Մենք չենք ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղը որպէս անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն, եւ հետեւաբար չենք ճանչնայ այդ, այսպէս կոչուած, նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքները. այս մասին ճեպազրոյցին յայտարարած է Միացեալ Նահնգներու արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մեթիու Միլլըր:

«Մենք մշտապէս ընդգծած ենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ երթուղիներու բացման եւ կողմերու միջեւ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը։ Թէեւ կարեւոր է, որ Լեռնային Ղարաբաղն ունենայ վստահելի ներկայացուցիչներ այս գործընթացի համար, սակայն ինչպէս նախապէս ըսած ենք, մենք չենք ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղը որպէս անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն, եւ հետեւաբար չենք ճանչնար այդ, այսպէս կոչուած, նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքները, որոնք յայտարարուած էին վերջին օրերուն», - ըսած է Միլլըր:

Յիշեցննեք, որ Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանը 9 սեպտեմբերի արտահերթ նիստին նախագահ ընտրած է Սամուէլ Շահրամանեանը։ Արցախի նախորդ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը 1 սեպտեմբերին Ազգային Ժողովին հրաժարականի դիմում ներկայացուցած էր։