image

Մեծն Բրիտանիա. Դատարանը մերժած է ԱՄՆ-ին չարտայանձնելու Ասանժի խնդրանքը

Մեծն Բրիտանիա. Դատարանը մերժած է ԱՄՆ-ին չարտայանձնելու Ասանժի  խնդրանքը

Մեծն Բրիտանիոյ Գերագոյն դատարանը մերժած է «WikiLeaks»-ի հիմնադիր Ժուլիան Ասանժի խնդրանքը՝ զինք չյանձնել ԱՄՆ-ին, որ կը միտի զայն դատել «հսկայական քանակութեամբ գաղտնի փաստաթուղթերու հրապարակման մեղադրանքով», կը յայտնէ դատարանը:

«Այժմ թղթապանակը պիտի ներկայացուի Մեծն Բրիտանիոյ ներքին գործոց նախարար Փրիթի Փաթելին», կ'ըսուի WikiLeaks-ի թուիթըրեան էջով:

Գերագոյն դատարանի խօսնակը ըսած է, որ դատարանը մերժած է հայցը` պատճառաբանելով, որ այն «չի ներառեր որեւէ իրաւական կէտ, որ կրնայ ուսումնասիրուիլ»:

Յունուար 24-ին բրիտանական արդարադատութիւնը թոյլ տուած է «WikiLeaks»-ի հիմնադիր Ժուլիան Ասանժին՝ դատարանի որոշումը բողոքարկել Մեծն Բրիտանիոյ Գերագոյն դատարան, որ թոյլ տուած է զայն արտայանձնել ԱՄՆ:

«Վերջնական որոշումը կը մնայ Գերագոյն դատարանին` Բրիտանիոյ բարձրագոյն դատական մարմինին թոյլ տա՞լ 50-ամեայ աւստրալացին բողոքարկելու, թէ՞ ոչ», պարզաբանած են Գերագոյն դատարանի դատաւորները իրենց որոշման մէջ:

Անցեալ տարեվերջին Մեծն Բրիտանիան համաձայնեցաւ Ժուլիան Ասանժը արտայանձնելու ԱՄՆ-ի խնդրանքին, երբ Լոնտոնի Գերագոյն դատարանը համաձայն գտնուեցաւ Ուաշինկթընի բողոքին՝ WikiLeaks-ի հիմնադիր Ժուլիան Ասանժը Մեծ Բրիտանիայէն չյաձնելու չյանձնելու որոշման դէմ, Միացեալ Նահանգներու մէջ դատավարութեան համար:

Արտայանձնուելէ առաջ Ասանժի պաշտպանները կը պնդէին, որ ան «կրնայ վերջ տալ իր կեանքին, եթէ արտայանձնուի ԱՄՆ»:

Յիշեցնենք, որ Ասանժին կը սպառնայ մինչեւ 175 տարուայ բանտարկութիւն: