image

Մեծ պատիւ է ընկերանալ երկու մեծ առաջնորդներ Ալիեւի եւ Փաշինեանի հետ․ Թրամփ

Մեծ պատիւ է ընկերանալ երկու մեծ առաջնորդներ Ալիեւի եւ Փաշինեանի հետ․ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը մեծ պատիւ համարած է Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ ընկերանալը։ Այս մասին ան գրած է Truth-ի մէջ։

«Մեծ պատիւ է օգնել կարգաւորել պատերազմն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ եւ միեւնոյն ժամանակ ընկերանալ այս երկու մեծ առաջնորդներու եւ մարդոց՝ նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Սա յաւերժական բարեկամութիւն պիտի ըլլայ ինծի համար, բայց աւելի կարեւորը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու համար»,- գրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ՝ ի պատասխան Թրամփի գրառման, X-ի էջին գրած է, որ կը վերահաստատէ իր հանձնառութիւնը՝ աշխատիլ խաղաղութեան հետագայ կառուցայնացման եւ TRIPP-ի իրականացման ուղղութեամբ։

«Եւս մէկ անգամ շնորհակալութիւն նախագահ Դոնալդ Թրամփ՝ Ադրբեջանի հետ այս պատմական համաձայնագիրը կնքելու համար, ինչը մինչ այդ ոչ ոքի չի յաջողուել»,- գրած է Փաշինեանը։

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւս արձագանգած է Թրամփի գրառման։ Ալիեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Թրամփին բարի խօսքերու համար եւ նշած, որ կը գնահատէ անոր կարեւոր դերն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացի առաջխաղացման եւ Ուաշինկթընի պատմական գագաթնաժողովը հիւրընկալելու գործին մէջ։

«Դուք Ատրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յաւերժական բարեկամութեան եւ ձեւաւորուող ռազմավարական գործընկերութեան ճարտարապետն էք։ Ես մեծապէս կը գնահատեմ մեր բարեկամութիւնը»,- գրած է Ալիեւը։