Սիւնիքի մարզին մէջ 28 Յուլիսին, ինքնաշարժի խոշոր վթար տեղի ունեցած է. ժամը 20։00-ի սահմաններուն Շիրակի մարզի բնակիչ 27-ամեայ Արամ Խաչատրեանը իր վարած Mercedes մակնիշի մեքենայով Երեւան-Մեղրի ճանապարհին, դեռ անյայտ հանգամանքներու մէջ, դուրս եկած է ճանապարհի երթեւեկելի գօտիէն, բախած է երկաթէ արգելապատնէշներուն եւ, մօտ 120 մեթր քանի մը պտոյտ շրջելով, յայտնուած է ձորին մէջ։
Shamshyan.com-ի հաղորդմամբ, վթարի հետեւանքով վարորդ Ա․ Խաչատրեանը մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած է Սիսիանի բժշկական կեդրոն, ուր առաջին բուժօգնութիւնը ստանալէ ետք տեղափոխուած է Երեւանի Մուրացանի անուան զինուորական հիւանդանոց։
Կայքի տեղեկութիւններով՝ վիրաւոր Ա․ Խաչատրեանը ապրիլեան 4-օրեայ եւ Արցախեան վերջին 44-օրեայ պատերազմներու ամենաաշխոյժ մասնակիցներէն եղած է եւ ծառայութիւնն անցուցած է Արցախի Հանարապետութեան յայտնի «Եղնիկներ» զօրամասին մէջ, ամենասիրուած ու համարձակ սպաներէն է։