image

«Մենք ունինք միայն մէկ լծակ». Կարծիք՝ Վարդան Օսկանեանէն

«Մենք ունինք միայն մէկ լծակ». Կարծիք՝ Վարդան Օսկանեանէն

Հայ-ատրպէյճանական դեռ չլուծուած այս հակամարտութեան մէջ, մենք՝ հայերս, մեր ձեռքը ընդամէնը մէկ լծակ ունինք, այդ, այսպէս կոչուած, «խաղաղութեան պայմանագիրը» ստորագրելու կամ չստորագրելու լծակն է:

Այս մասին ըսած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանը՝ իր դիմատետրեան էջին հրապարակելով տեսանիւթ, որուն մէջ անդրադարձած է հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան շրջածիրէն ներս «Հայաստանի ունեցած միակ լծակին»:

«Ի հարկէ, այդ լծակն արդէն բաւականին թուլացել է, որովհետեւ Հայաստանի իշխանութիւններն արդէն նախորօք յայտարարել են, թէ ինչպիսի փաստաթուղթ են ստորագրելու: Արդէն նախօրօք ըսած են, որ Արցախն Ադրբեջանի մաս է, որ պատրաստ են Հայաստանից տարածքներ զիջել: Այս բոլորն արդէն թուլացրել են այդ լծակը»,-ըսած է ան:

Ըստ Օսկանեանի՝ մեր իշխանութիւնները դեռ հնարաւորութիւն ունին, իրենց բանաւոր խօսքէն հրաժարելու, որ աւելի կը զօրացնէ այդ լծակը եւ այն աւելի հզօր կը դառնայ մեր ձեռքին մէջ:

«Ես ուղղակի խնդրում եմ, որ մենք այսօրուայ բանակցութիւնների մօտեցումը փոխենք: Դա լուրջ վտանգ է պարունակում: Փոխելու հնարաւորութիւն այսօր կայ, եթէ մենք կարողանանք փոխել, դա էապէս նուազեցնելու է պատերազմի հնարաւորութիւնները: Փաշինեանը մեծ սխալ է արել, նա պէտք է ընդունի այդ սխալը»,- նշած է ան: