Մենք պէտք է կանգ առնենք այնտեղ, ուր հիմա ենք։ Թրամփը ճիշդ է։ Այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին։
«Եւ յետոյ սկսեցէք խօսել այն մասին, թէ ինչպէս քայլեր ձեռնարկել դէպի երկարաժամկէտ խաղաղութիւն։ Բայց հարցը Փութինն է, որովհետեւ մենք չենք սկսած այս պատերազմը։ Մեզի անհրաժեշտ են անվտանգութեան հզօր երաշխիքներ հրադադարէն ետք, որ Փութինը չվերադառնայ նոր յարձակումով։ Մեր դիրքորոշումը նախ հրադադարն է, որ կարենանք խօսիլ եւ հասկնալ դիրքորոշումները»,-ըսած է Զելենսքին։
Զելենսքին նաեւ յայտարարած է, որ ռուսերը կը վախնան Tomahawk հրթիռներէն։
«Անոնք գիտեն, որ սա հզօր զէնք է... Անոնք նաեւ գիտեն, թէ ինչ զէնք մենք կ՚արտադրենք, եւ՝ կը վախնան այս համադրութենէն»,-աւելցուցած է Ուքրանիոյ նախագահը։