Անգարան Երեւանի հետ կարգաւորման գործընթացին մէջ կը ցանկայ տեսնել հայկական կողմի անկեղծութիւնը «ոչ միայն խօսքով, այլեւ գործով»։ Այսպիսի յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Միացեալ Նահանգներու հայրենակիցներու հետ հանդիպման ժամանակ, տեղեկացուցած է «ՌԻԱ Նովոստի»-ն։
«Մենք կ'ակնկալենք, որ կ'առնուին խաղաղութեան տանող անկեղծ քայլեր։ Վերջին ժամանակներս, ցաւօք, մենք կը տեսնենք յետընթաց քայլեր։ Այսօր [ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի] Պլինքըն ըսաւ, որ [Հայաստանի վարչապետ] Նիկոլ Փաշինեանը անկեղծ է, բայց մենք կ'ուզենք այդ տեսնել ոչ միայն խօսքով, այլեւ գործով»,- Չաւուշօղլուի խօսքերը մէջբերած է Yeni Akit թերթը։
Յիշեցնելով Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի մասին՝ Չաւուշօղլուն ըսած է, որ Անգարան եւ Պաքուն անկեղծ տրամադրուած են կարգաւորման հարցով։
«Ես կրնամ հեշտութեամբ ըսել եղբայրական, թանկագին Ատրպէյճանի անունով նաեւ, որ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը անկեղծ տրամադրուած են կարգաւորման հարցով»,-ըսած է ան։