image

«Մենք հոս պիտի ապրինք մինչեւ վերջ».Աղաւնոյի բնակիչ

 «Մենք հոս պիտի ապրինք մինչեւ վերջ».Աղաւնոյի բնակիչ

 

 Խաչատուրեան մասնաւորաբար կ՚ըսէր, որ «Վեց տարիէի Արցախ կ՚ապրիմ, պատերազմին հոս էի եւ առաջ Աստուած մինչեւ վերջ հոս պիտի ապրինք։ Պատերազմի ընթացքին մեր շուրջ ալ ռումբեր ինկան, բայց մենք մեր տեղէն չշարժեցանք ու հիմա ալ պիտի շարունակենք այստեղ ապրիլ։

Հայկական լրահոսին մէջ յատուկ ուշադրութեան արժանի կը դառնայ Արցախի հայկական Աղաւնոյ գիւղին ընդհանուր վիճակն ու ճակատագիրը։ 

Այս ուշադրութիւնը մասնաւորապէս վերջին օրերուն յաւելեալ կերպով սկսաւ աճիլ, այն պատճառով, որ Հայաստանի քաղաքական վերնախաւի անդամները սկսան այդ մասին արտայայտուիլ տեղ մըն ալ ըսել,որ Աղաւնոն պիտի անցնի Ատրպէյճանեան ուժերու վերահսկողութեան տակ։ 

Այդ խօսքերուն զուգահեռ նկատելի սկսաւ դառնալ այն փաստացի տուեալը, ըստ որուն Աղաւնոյի բնակիչները կը շարունակեն կառչած մնալ իրենց հողն ու ջուրին։

 Այս առումով ալ աւելի քան ուշագրաւ էր բնիկ ՝ լիբանանահայ Խաչատուր Խաչատուրեանի խօսքերը հանրութեան փոխանցող տեսանիւթի երեւումը, ուր մեր հայրենակիցը կը ներկայացնէր Աղաւնոն չլքելու վերաբերեալ իր տեսակէտը։ 

 Խաչատուրեան մասնաւորաբար կ՚ըսէր, որ «Վեց տարիէի Արցախ կ՚ապրիմ, պատերազմին հոս էի եւ առաջ Աստուած մինչեւ վերջ հոս պիտի ապրինք։ Պատերազմի ընթացքին մեր շուրջ ալ ռումբեր ինկան, բայց մենք մեր տեղէն չշարժեցանք ու հիմա ալ պիտի շարունակենք այստեղ ապրիլ։

Նշենք նաեւ, որ Աղաւնոյի գիւղապետ Անդրանիկ Չաւուշեան տարբեր առիթներով հանդէս գալով նոյն գաղափարները արտայայտած է ու նաեւ հաստատած, որ իրենք պիտի շարունակեն մնալ Աղաւնոյի մէջ։

Յիշեցնենք, որ Խաչատուր Խաչատուրեանի խօսքը առաջին անգամ տարածած է «Զարթօնք միտիա» հարթակը, ուրկէ ալ կարողացանք ենք ստանալ ներքեւը երեւցող տեսանիւթը։