image
Հրատապ լուրեր:

Մաս կազմել ռուսական նոր միութեան. «Իշխանական» թերթը գրած է այն մասին թէ ինչ կը պահանջէ Ռուսիան Հայաստանէն

Մաս կազմել ռուսական նոր միութեան. «Իշխանական» թերթը գրած է այն մասին թէ ինչ կը պահանջէ Ռուսիան Հայաստանէն

Նիկոլ Փաշինեանի ընտանիքին պատկանող Armtimes կայքը, յղում ընելով իր հաւաստի աղբիւրին, «Ինչ է ուզում Ռուսաստանը․ ի գիտութիւն Վեհափառ հայրապետի, երեք նախագահների եւ փորձագիտական հանրութեան» խորագրեալ յօդուած հրապարակած է, ուր բացատրած է թէ ինչ կ'ուզէ Ռուսիան Հայաստանէն․

«Մեր տարածաշրջանին մէջ Ռուսիոյ ցանկութիւնները կը տեղաւորուին անոր համաշխարհային ցանկութիւններու շղթային մէջ եւ Հայաստանն ու Ղարաբաղը անոր այդ ցանկութիւններու շղթայի մէկ օղակն են։

Ռուսիան Հայաստանէն համարեա կ'ուզէ այն, ինչ կ'ուզէ Ուքրանիայէն, որ այն դառնայ «Ռուսիա-Պելառուսիա» միութենական պետութեան կամ Ռուսիոյ մաս։ Ու եթէ Ուքրանիոյ պարագային նման արդիւնքի համար Ռուսիոյ Դաշնութիւնը կ'օգտագործէ ռուսական եւ գուցէ պելառուսական զօրքերը, Հայաստանի պարագային կ'օգտագործէ Ատրպէյճանի եւ որոշ չափով ալ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղակայուած ռուսական զօրքերը։

Գործողութիւններու իմաստը հետեւեալն է՝ ցոյց տալ Հայաստանի անվտանգային խոցելիութիւնը, որպէսզի վերջինս վայրկեան առաջ դիմէ «Ռուսիա-Պելառուսիա» միութենական պետութեան մաս դառնալու համար։ Այս տրամաբանութիւնը զարգացնելու քայլերը Ատրպէյճանի յարձակողականութիւնն է, ՀՀ-ի մէջ տեղակայուած ռուսական զօրքի անգործութիւնը, Ռուսիոյ քաղաքական իներտութիւնը (անգործութիւնը) եւ Հայաստանին զէնքի մատակարարման պարտաւորութիւնները չկատարելը։ Վերջին գործիքի կիրառումը պատահական չէ եւ օգտագործուած է նաեւ նախապէս, զորօրինակ՝ 2016-ի պատերազմէն առաջ եւ յետոյ։ Հայաստանը պէտք է հնարաւորինս խոցելի ըլլայ, որ հնարաւորինս պինդ գրկէ Ռուսիան։

Ղարաբաղի պարագան եւս կը մտնէ այս տրամաբանութեան մէջ, որոշակի տարբերութեամբ։ Ռուսիոյ պէտք է Լեռնային Ղարաբաղի հարցի չլուծում, այսինքն, որ ԼՂ հարցը ըլլայ չլուծուած, որպէս ազդեցութեան լծակ թէ Հայաստանի, թէ Ատրպէյճանի վրայ։ Այս ցանկութիւնը եղած է ԼՂ հակամարտութեան գօտիին մէջ տասնամեակներ հաստատուած ստատուս քոյի անկիւնաքարը եւ այս անկիւնաքարի վրայ հիմնուելով հնարաւոր եղած է բանակցութիւնները անվերջ շարունակելու Հայաստանի քաղաքականութիւնը։ Սա շարունակուած է մինչեւ 2011 թուականը, որմէ այսկողմ քայլ-քայլ Ռուսիան յանգած է ստատուս քոյի փոփոխութեան անհրաժեշտութեան։

Այս եզրակացութեան Ռուսիոյ Դաշնութիւնը եկած է ոչ թէ այն պատճառով, որ այլեւս կ'ուզէ ԼՂ հարցի կարգաւորում, այլ որովհետեւ սկսած է հասկնալ, որ չի կրնար պահել ստատուս քոն։ Առանցքային պատճառներէն մէկը Թուրքիոյ աճող դերն է եւ Արեւմուտքի հետ Ռուսիոյ Դաշնութեան այլեւս անշրջելի բախման ժամանակ Թուրքիոյ շատ թէ քիչ հաւասարակշռուած դիրքորոշման կարեւորութիւնը Ռուսաստանի համար։ Այստեղ պէտք է փնտռել 44-օրեայ պատերազմի պատճառը։

Նաեւ այն, որ Արեւմուտքի հետ կանխատեսելի կամ ծրագրաւորուող բախման պայմաններուն, երբ ակնյայտօրէն արեւմտեան փոխադրային ուղիները պիտի փակուէին, կամ առնուազն կասկածի տակ յայտնուէին, Ռուսիոյ համար չափազանց կարեւոր էր Տարտանելի եւ Վոսփորի նեղուցներու՝ իր համար շատ թէ քիչ բնականոն գործունէութիւնն ապահովելը (հակառակ պարագային Սեւ ծովը ՌԴ-ի համար կը դառնար սովորական լիճ մը), ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ միջոցով դէպի Արեւմուտք ցամաքային կապի ապահովումը։

Ռուսիա-Վրաստան-Թուրքիա երթուղին նոր ցամաքային հոսքերու խնդիրը չէր լուծեր․ Ապխազիոյ եւ Հարաւային Օսիայի հակամարտութեան պատճառով անոնց տարածքով անցնող ճանապարհները պիտի չբացուէին։ Իսկ Վերին Լարսը դեռ մինչեւ ուքրանական հակամարտութիւնը կ'աշխատէր ծանրաբեռնուած։

Եւ հետեւաբար՝ այս հարցի արդիւնաւէտ լուծման միջոցը Հայաստան-Ատրպէյճան առանցքի օգտագործումը պիտի ըլլար։

Այս է պատճառը, որ ԼՂ հարցի Լաւրովեան փլանը կը նախատեսէր հարաւային շրջաններու յանձնում Ատրպէյճանին, որ Օրտուպատ-Մեղրի-Հորադիզ երկաթուղին եւ մեքենաներու ճանապարհներու երթուղին ազատուէին խոչընդոտներէ։

Այս իմաստով՝ չնայած հրապարակային յայտարարութիւններուն, Ռուսիան ՀՀ տարածքով միջանցքի հիմնական շահառուն է, որովհետեւ թէ Ատրպէյճանը, թէ Թուրքիան, թէ Ռուսիան կ'ուզեն, որ ՀՀ տարածքով ըլլայ միջանցք՝ Ռուսիոյ վերահսկողութեան ներքոյ։ Էականը վերջին գործօնն է, որովհետեւ մեքենաներու ճանապարհ Իրանի տարածքով ալ կայ։ Երկաթուղի՝ Իրանովաէլ կարելի է կառուցել։

Ուքրանիոյ մէջ գործերու ոչ այնքան յաջող ընթացքը ըստ էութեան աւելի սրած է 2011-էն ետք հաստատուած այն վիճակը, որ Ռուսիան կը դժուարանայ հիմա արդէն 2020 թուականէն ետք հաստատուած ստատուս քոյի երաշխաւորը ըլլալ․ Խծաբերդն ու Փառուխը ատոր վառ վկայութիւնն են։

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դերը աւելի մեծցած է եւ հիմա Ատրպէյճանը կրնայ դառնալ Ռուսիոյ եւ ԵՄ կազի եւ նաւթի արտահանման հարթակ։

Հաւաստի Աղբիւր»։