Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) կառավարիչ՝ Սամանթա Փաուըր անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքը արգելափակելու խնդիրին՝ կոչ ընելով բանալու միջանցքը:
«Թերթ.ամ»-ի հաղորդմամբ՝ Փաուըր թեմային անդրադարձած է թուիթըրի էջին կատարած գրառմամբ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան կառավարիչը նկատել տուած է, որ արդէն աւելի քան մէկ ամիս է, որ արգելափակուած են Լաչինի միջանցքով փոխադրումները։
«Ամէն օր առեւտրային հոսքերը եւ մարդասիրական օգնութիւնը չեն կրնար անարգել մուտք գործել Լեռնային Ղարաբաղ, կը մեծնայ մարդասիրական ճգնաժամի հաւանականութիւնը: Միջանցքով ազատ տեղաշարժը պէտք է վերականգնուի»,- ընդգծած է Սամանթա Փաուըր: