image

Մալաթիա տօնավաճառը այսօր կը վերաբացուի

Մալաթիա տօնավաճառը այսօր կը վերաբացուի

«Մալաթիա» տօնավաճառը այսօր՝ 7 փետրուարին, վերաբացուած է։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է տօնավաճառի տնօրէն Սամուէլ Աւետիսեանը։

«Տօնավաճառի բոլոր տաղաւարները վերաբացուել են։ Մենք հրդեհային անվտանգութեան տեսչական մարմնին դիմում էինք գրել, որ առաւել հրդեհավտանգ թերութիւններն ուղղուած են, իրենք էլ համաձայնեցին, փորձարկումներ արեցին, եւ տօնավաճառը վերաբացուեց։ Իրենք մեզ էլի ցուցումներ են տուել, որոնց ուղղութեամբ պէտք է աշխատենք»,- նշած է Աւետիսեանը։

Յիշեցնենք՝ Քաղաքաշինութեան, տեխնիկական եւ հրդեհային անվտանգութեան տեսչական մարմնի ղեկավարի որոշմամբ՝ «Մալաթիա» տօնավաճառը փետրուարի մէկէն չի գործեր։ Անցեալ տարի իրականացուած ստուգումներու ընթացքին տեսչական մարմնի արձանագրած 17 խախտումներէն 12-ը վերացուած են, միւսներու համար՝ տօնավաճառի տնօրէնի խօսքով՝ երկար ժամանակ պէտք է։

Տօնավաճառի աշխատակիցները փետրուար մէկին, բողոքի ցոյց իրականացուցած էին՝ պահանջելով թոյլ տալ աշխատիլ, մինչեւ յայտնաբերուած խախտումները վերացնելը։